Միքաթի Նախագահեց Տնտեսական – Ելեւմտական Նիստի Մը
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց տնտեսական-ելեւմտական բնոյթի նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան տնտեսութեան եւ առեւտուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ:
Նիստէն ետք Սալամէ բաւարարուեցաւ ըսելով, որ Լիբանանի ելեւմտական իրավիճակը կայուն է:
Միքաթիի այցելեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ քննարկեց Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն հարցը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ տեղեկատուութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուք, որ ընդգծեց լրատուական մարզին կայունութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ տեղեկատուական մարզը պէտք է օժանդակէ կառավարութեան, որովհետեւ այդ մարզը նաեւ պատասխանատու է երկրին սրբութիւններուն, ինչպէս` խօսքի ազատութեան պահպանումին: Ան խստիւ դատապարտեց լրագրական ազատութեան սահմանները շրջանցելու քայլերը:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որ զօրակցութիւն յայտնեց Միքաթիի ջանքերուն եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն ճիգերուն` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովութիւնը:
Էխհորեսթ հաստատեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու եւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը:


