Պըրրի. «Ազգային Միասնականութեան Կառավարութեան Մը Կազմութիւնը Այս Հանգրուանին Աւելի Քան Լուրջ Կարիքի Վերածուած Է»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ զինք կը տխրեցնեն Սուրիոյ զարգացումներուն նկատմամբ արաբական կեցուածքները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ օրերը, յատկապէս եթէ ստոյգ դառնայ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծելու որոշումը:

Միւս կողմէ, հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային բոլոր մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ անոնց դէմ պայքարելու հեռանկարները:

Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանանի համար ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը այս հանգրուանին աւելի քան լուրջ կարիքի վերածուած է:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Արիտին, որ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Այն Թինէի մէջ Պըրրի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին:

 

Share this Article
CATEGORIES