Նախագահ Սլէյման Կոչ Կ՛ուղղէ Չէզոք Քաղաքականութենէն Անշեղ Մնալու Եւ Լիբանանի Ազգային Շահերը Գերադասելու
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ այլ պատասխանատուներ:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Միքաթիի հետ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումներուն լոյսին տակ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն թիւին արձանագրած հսկայական աճը եւ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը լուծելու միջոցները:
Նիստէն ետք Ապու Ֆաուր կարդաց ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ քաղաքական իմաստով նախագահ Սլէյման վերստին կոչ ուղղած է լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն շրջանային տագնապներուն առումով որդեգրուած չէզոք քաղաքականութենէն անշեղ մնալու, ինչպէս նաեւ ընդգծած է երկրին ազգային շահերը գերադասելու անհրաժեշտութիւնը:
«Նախագահ Սլէյման շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումին նկատմամբ իր նախանձախնդրութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային համախոհութիւն մը գոյացնելու կարեւորութիւնը` դիմագրաւել կարենալու համար երկրին շրջանցած այս զգայուն հանգրուանը», ըսաւ Ապու Ֆաուր:
Ան աւելցուց, որ Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն հարցով լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ մարդասիրական իր օժանդակութիւնը կատարելու, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները պիտի որդեգրէ երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը չբորբոքեցնելու:
Միւս կողմէ, Պէյթէտտինի պալատին մէջ նախագահ Սլէյման երէկ ընդունեց երեսփոխան Միշել Ֆարաոնը եւ նախկին նախարարներ Էլիաս Հաննան ու Իպրահիմ Տահերը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան կապուած խնդիրներն ու շրջանային զարգացումները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Միջին Արեւելքի տագնապներուն վերաբերող հարցեր:


