Մահացած Է Աշխարհահռչակ Ֆրանսահայ Գեղանկարիչ Ժանսեմ
27 օգոստոսին 93 տարեկան հասակին մահացած է աշխարհահռչակ ֆրանսահայ գեղանկարիչ Ժանսեմը:
Ժան (Յովհաննէս) Սեմերճեան ծնած է 9 մարտ 1920-ին` Արեւմտեան Հայաստան, մանկութիւնը անցուցած է Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ, ապա տեղափոխուած է Ֆրանսա:
Ժանսեմի անուան երկու թանգարան կայ Ճափոնի մէջ: Անոր ստեղծագործութիւնները կը պահուին աշխարհի հեղինակաւոր թանգարաններուն մէջ:
Ժանսեմը 2000-2001-ին Հայաստան երկրորդ այցելութեան ընթացքին իր 34 կտաւներէ բաղկացած «Եղեռն» շարքը նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին, ուր յատուկ բաժինի մը մէջ միշտ կը ցուցադրուի այցելուներուն:
Նախագահ Սարգսեան Կը Ցաւակցի
Նախագահ Սերժ Սարգսեան հայ մեծանուն գեղանկարիչ Ժանսեմի` Յովհաննէս Սեմերճեանի մահուան առիթով ցաւակցական հեռագիր յղեց անոր ընտանիքին, հարազատներուն եւ անոր բարձր արուեստի բազմահազար երկրպագուներուն:
«Ան իր խորունկ, մարդասիրական ստեղծագործութիւններով վաղուց դասուած է 20-րդ դարու հայ կերպարուեստի ամէնէն ինքնատիպ ներկայացուցիչներու շարքին: Իբրեւ ճշմարիտ արուեստագէտ եւ հայրենասէր` Ժանսեմ տասնամեակներ շարունակ իւրօրինակ հոգեւոր կամուրջ եղաւ նաեւ հայրենիքին եւ սփիւռքին միջեւ», ըսուած է Հայաստանի նախագահի ցաւակցական հեռագիրին մէջ:


