Մարդկային Իրաւունքներու Պաշտպանը Ոստիկանապետէն Պարզաբանումներ Կ՛ակնկալէ
Հայաստանի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Կարէն Անդրէասեան դիմեց ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանին` Կոմիտաս 5 փողոցին մէջ 24 օգոստոսին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն առնչութեամբ պարզաբանում ստանալու համար:
Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանը խնդրեց պատասխանել այդ օրը ոստիկաններու գործողութիւններուն իրաւաչափութեան վերաբերեալ իր շարք մը հարցադրումներուն, մասնաւորաբար` արդեօ՞ք իրաւաչափ էր ցոյցին մասնակցող վնասազերծուած եւ իրաւախախտում չկատարող անձերու նկատմամբ օգտագործուած ֆիզիքական ուժը, վերլուծաբան Արգիշտի Կիվիրեանը գետին տապալելը եւ հարուածելը, ինչո՞վ պայմանաւորուած էր ոստիկանութեան առանձին ծառայողներուն կողմէ անհարկի ֆիզիքական ուժի օգտագործումը այն քաղաքացիներուն նկատմամբ, որոնք չէին խախտեր հասարակական կարգը, անոնց հետ հաղորդակցելու ընթացքին անարգալից, վիրաւորական արտայայտութիւններ օգտագործելը:
Կարէն Անդրէասեան այս հարցումներուն պատասխան կ՛ակնկալէ հնգօրեայ ժամկէտի ընթացքին:


