ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը Այցելեց Զօր. Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, Սեպուհ Յովնանեան, Աւետիս Կիտանեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ այցելեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներքաղաքական իրադարձութիւնները, երկրին դիմագրաւած ապահովական հարցերը եւ շրջանային անցուդարձերը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )