Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարութեան Ղեկավար Անձնակազմին Հետ

Հանդիպումէն պահ մը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւն, ծանօթացաւ աշխատանքային պայմաններուն, զրուցեց աշխատակիցներուն հետ, ապա հանդիպում ունեցաւ նախարարութեան ղեկավար անձնակազմին` փոխնախարարներուն, աշխատակազմի ղեկավարին, վարչութիւններու եւ առանձին ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն հետ:

Նախագահը խօսեցաւ նախարարութեան եւ անոր ենթակայ պետական հաստատութիւններուն մէջ աշխատանքային պայմաններու բարելաւման, ընկերային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ պետական քաղաքականութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն, մրցունակ, որակեալ մարդուժ պատրաստելու եւ միաժամանակ հայրենասէր քաղաքացիներ կրթելու ուղղութեամբ մարզի պատասխանատուներէն ակնկալիքներուն մասին:

«Կը կարծեմ տեղեակ էք, որ մենք 2014 թուականէն կ՛անցնինք աշխատավարձերու տարեկան բարձրացման գործելաոճին, եթէ կարելի է այդպէս ըսել: Պիտի բարձրանան թէ՛ նուազագոյն աշխատավարձը, թէ՛ աշխատանքի համար վարձատրութիւնը: 2017 թուականին մենք պիտի հասնինք 90 000 դրամի նուազագոյն աշխատավարձի», նշեց Սերժ Սարգսեան: «Հիմա կը դժուարանամ ըսել, թէ որքա՛ն պիտի ըլլայ գլխաւոր մասնագէտի կամ բաժանմունքի վարիչի մը աշխատավարձը, բայց վստահօրէն կրնամ ըսել, որ 1 յունուար 2014-էն սկսեալ, օրինակ, նախարարութեան գլխաւոր մասնագէտը պիտի ստանայ 200-280 հազար դրամ իբրեւ աշխատավարձ, բաժանմունքի պետը, եթէ չսխալիմ, 280-350 հազար դրամ` աշխատանքային փորձէն կախուած: Ատիկա զուտ հաշուարկային աշխատավարձն է: Կը կարծեմ, բնական է, որ անոր պիտի աւելնան նաեւ տնտեսումներէն գոյացող պարգեւատրումները, որոնք մշտապէս կան: Պիտի ընդլայնենք նաեւ ընկերային ծրարները»:

Նախագահը ընդգծեց, որ 2018 թուականին աշխատավարձի մակարդակը պիտի ըլլայ այնպիսին, որ պետական ծառայողին կարելիութիւն պիտի տայ իր աշխատավարձով ապահովել իր ընտանիքին նուազագոյն կարիքները: Նախագահը նշեց, որ կան տարբեր ծրագիրներ, ինչպէս` բնակարանային պայմաններու բարելաւում, երիտասարդական խումբերու յատուկ ծրագիր, բնակարաններու տրամադրում, առողջապահական ապահովագրութեան հասանելիութիւն: Նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ օգտագործուելիք միջոցները պէտք է ըլլան արդիւնաւէտ եւ պատրաստեն մրցունակ մասնագէտներ:

Սարգսեան պատասխանեց նախարարութեան ղեկավար անձնակազմի շարք մը հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին երկրին ապահովութեան պաշտպանութեան, զինուորական-արդիւնաբերական համակարգի զարգացման, Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման ու ժողովրդավարական հոլովոյթներուն, պետութիւն-սեփական մարզ համագործակցութեան շրջագիծին մէջ տնտեսութեան մէջ գիտական նուաճումներու ներդրման, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան խնդիրներուն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան տեղեկացուց, որ մօտակայ ամիսներուն ընթացքին պիտի այցելէ նախարարութիւններ եւ այսպիսի հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ պետական այդ մարմիններուն ղեկավար անձնակազմերուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )