ՖԱՏԻ ԺԵՄԱՅԷԼ ԿԸ ՄԵԾԱՐԷ ՏԷՏԷԵԱՆԸ

Ֆատի Ժեմայէլ իր խօսքը կ՛ուղղէ ընթրիքին ներկաներուն

Թուղթի եւ ծրարումի արտադրութեանց սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ֆատի Ժեմայէլ «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ սարքեց ընթրիք մը` մեծարելու համար ճարտարարուեստի գործավար նախարար Աբրահամ Տէտէեանը:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Ֆ. Ժեմայէլ շեշտեց, որ ճարտարարուեստի մարզը չի կրնար յաւելեալ բեռի տակ կքիլ` աւելցնելով, որ ճարտարարուեստի մարզին հանդուրժողութիւնը մօտեցած է իր աւարտին:

Իր կարգին, Տէտէեան գնահատեց Ժեմայէլի աշխատանքը եւ նշելով անոր արժանիքները շեշտեց, որ Ժեմայէլ մնայուն ծրագիրներ կը նախաձեռնէ` շեշտելով, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը միշտ պիտի զօրակցի անոր:

Share this Article
CATEGORIES