«ՍՊԱՆԻԱ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄԱՍ ԿԱԶՄԵԼ ՖԻՆԻՒԼ-ԻՆ` ԳՈՐԾԱԴՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԱԿ-Ի ԹԻՒ 1701 ԲԱՆԱՁԵՒԸ» ՅԱՅՏՆԵՑ ԿԱՖՕ

Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆօ երէկ այցելեց հարաւային Լիբանան:

Նապաթիէի մէջ Կաֆօ այցելեց լիբանանեան բանակի զօրանոցը եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ականներու վնասազերծման գրասենեակի   պատասխանատու զօր. Մոհամետ Ֆահմիի հետ` ներկայութեամբ Նապաթիէի մէջ բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ Մոհամետ Շաապանի:

Զօր. Ֆահմի բանակի հրամանատարին անունով ողջունեց Սպանիոյ դեսպանը եւ անոր ներկայացուց իր նախագահած գրասենեակին առաքելութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը լիբանանցիներուն անվտանգութեան համար:

Կաֆօ իր կարգին հաստատեց, որ Սպանիա միշտ զօրակցած է ականներու վնասազերծման առաքելութեան եւ պիտի շարունակէ նպաստել այդ աշխատանքին: Կաֆօ ընդգծեց, որ Սպանիա պիտի շարունակէ մաս կազմել ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն` գործադրելու համար ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:

Միւս կողմէ, ՖԻՆԻՒԼ-ի քաղաքական եւ քաղաքացիական հարցերու ընդհանուր տնօրէն Միլոշ Շթրոկըր շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը եւ Միջազգային դատական ատեանը երկու անկախ մարմիններ են, իսկ Լիբանանի կառավարութեան պարտականութիւնն է երկրին ապահովութիւնը ամրապնդել:

Share this Article
CATEGORIES