ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԱՊԻՆ ԵՒ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ
Հակառակ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերուն, թէ նախանցեալ երեկոյեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այցելած է նախագահական պալատ եւ հանդիպում մը ունեցած հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ, ոչ մէկ կողմ հաստատեց կամ հերքեց այդ լուրին հաւաստիութիւնը:
Միքաթի երէկ Վերտանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Ռահմէ Զուապին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Եգիպտոսի փոխվարչապետ Եհիա Ժամալը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ահմետ Պըտիաուիի:
Միւս կողմէ, վարչապետին յատուկ աղբիւրները հերքեցին այն լուրը, թէ Միքաթի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին խոստացած է ներկայ ըլլայ խորհրդարանին գումարելիք օրէնսդրական նիստին: «Հետեւաբար, Միքաթիի եւ երեսփոխան Ահմետ Քարամէի ու Մոհամետ Սաֆատիի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը, թէ իրենք կը մերժեն մասնակցիլ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, խոստում դրժելու համազօր չէ», նշեցին նոյն աղբիւրները:


