ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Ակնարկ մը, որ կը հաստատէ, որ  Թուրքիա այլեւս շրջանին մէջ օրինակելի եւ տիպար երկիր մը չէ:

– Լրատուութիւն` ազգային պաշտպանութեան, ներքին հարցերու եւ քաղաքապետութեանց խորհրդարանական յանձնախումբի նիստին ընթացքին քննարկուած Լիբանան – Թուրքիա զինուորական գործակցութեան հեռանկարներուն մասին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Տիար» եւ «Սատա Պալատ» օրաթերթերը)

«ՏԻԱՐ»

– Անդրադարձ` Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ անոնց ընթացքին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արձանագրելիք յաղթանակով` երկրին մէջ զինուորական համակարգին վերջ տալու հաւանականութեան:

«ԱՆՈՒԱՐ»

– Լրատուութիւն` Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ

դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի կողմէ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի կատարուելիք այցելութեան մասին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Պայրաք» եւ «Սաֆիր» օրաթերթերը)

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»

– Անդրադարձ` Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեան գարնանային մթնոլորտին:

«ՍԱՖԻՐ»

– Անդրադարձ այն մասին, թէ Անգարա կը շարունակէ պնդել, որ Սուրիոյ մէջ որդեգրուելիք բարեկարգումները պէտք է կատարուին խաղաղ միջոցներով:

– Անդրադարձ` Կեդրոնական Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած Պէյրութի երաժշտութեան միջազգային փառատօնին ընթացքին սուրիահայ երգչուհի Լենա Շեմեմեանի յաջող ելոյթին:

Share this Article
CATEGORIES