«ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՎԱՂՈՒԱՆ ՆԻՍՏԸ ՀԱՐԻՒՐ ԱՌ ՀԱՐԻՒՐ ՕՐԻՆԱԿԱՆ Է» ԸՆԴԳԾԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

Զօր Աուն` մամլոյ ասուլիսին պահուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է` աւելցնելով, որ տակաւին նոյն տուեալներուն վրայ կը գտնուին: «Մենք մեր կարելին ըրինք, սակայն տակաւին մեզի համար յստակ չէ, թէ ինչո՞ւ այս կառավարութեան ծնունդը կարելի չէ յայտարարել: Ցաւ ի սիրտ, ըստ երեւոյթին լիբանանեան պետութեան աշխատանքը արգելակելու խաղերը լուրջ են», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն մաղթեց, որ կառավարութեան կազմութեան ծիրին մէջ դարմանի համազօր պատասխան մը ստանան որեւէ պահու:

Անդրադառնալով խորհրդարանին մէջ այսօր տեղի ունենալիք օրէնսդրական նիստին` զօր. Աուն շեշտեց, որ այդ նիստը հարիւր առ հարիւր օրինական է եւ պէտք է գումարել զայն:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը շեշտեց, որ որոշ համայնքի մը պատկանող երեսփոխաններուն հրաժարման պարագային է, որ խորհրդարանը կը կորսնցնէ իր օրինականութիւնը` շեշտելով, որ այդ էր պարագան վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան, «սակայն երբ որոշ համայնքի մը երեսփոխանները բացակայ են, ապա պէտք է բաւարարուիլ ներկայ երեսփոխաններուն թիւով: Խորհրդարանը չէ կազմուած, որպէսզի անոր աշխատանքները դադրին: Իսկ 700 քիլոուաթ ելեկտրականութիւն ստանալը աւելի կարեւոր է Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնավարութեան նստաշրջանի երկարաձգումէն, որովհետեւ ան արդէն իսկ մինչեւ յառաջիկայ յուլիսի աւարտ պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ», ըսաւ զօր. Աուն:

Share this Article
CATEGORIES