ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց գործավար նախարար Ալի Շամին, որուն հետ քննարկեց գործավար կառավարութեան ընթացիկ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի արտաքին յարաբերութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ մշակոյթի գործավար նախարար Սելիմ Ուարտէ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Օմար Պարազանժի: Քննարկուեցան երկու երկիրները յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ Իրաքի քաղաքական եւ ապահովական կացութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան