Արուեստի Աշխարհէն. Մտածել` Բնութեան Օրէնքով
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԾԱՆՕԹ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ Է, ՈՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ՕԺՏՈՒԱԾ ԵՆ ԼԵԶՈՒՆ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ՁԵՒՈՎ ԳՈՐԾԱԾԵԼՈՒ ՆԵՐՀՈՒՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ: ԱՆՈՆՔ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆ Ո՛Չ ԹԷ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐ, ԱՅԼ` ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ, ԻՆՉ ՈՐ ԱՌԻԹ ԿՈՒ ՏԱՅ ԶԱՐՄԱՆԱՀՐԱՇ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ: «ՕՐԻՈՆ» ԵՐԿԱՄՍԵԱՅ ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՌԻՉԸՐՏ ԼՈՒԻՍ ՀՐԱՇԱԼԻ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ԼԵԶՈՒՆ ԻՆՉՊԷ՛Ս Կ՛ԱՐՏԱՑՈԼԷ ՆԱԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ: ԱՆ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԱԿԱՆ ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ ԿԸ ՀԵՏԱԶՕՏԷ ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԻՋԵՒ ԿԱՊԸ` ՑՈՅՑ ՏԱԼՈՎ, ԹԷ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐԸ ՈՐՔԱ՛Ն ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՏԵՂ ՈՒՆԻՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ:
Աղօտ լոյսը
կը նուաճէ խաւարը:
Կ՛արթննամ շլացած:
– Տէյվիտ, 11 տարեկան
Հովը արագ կը տարածուէր Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ, եւ մանուկները նոր հասած էին դպրոց: Վերջերս սկսած էի մանուկներու հետ բանաստեղծական եւ թատերական աշխատանքներ կատարել: Այդ առաւօտ բախտը ունէի ընդարձակ սենեակի մը մէջ աշխատելու 10 տարեկան մանուկներու խումբի մը հետ: Բոլորակ մը կազմեցինք եւ սկսանք խօսիլ աշնան անհամբեր փութացող հովին մասին, որ կարծէք մեզ բերած էր այս վայրը: Բոլորին թելադրեցի իրենց թեւերով կրկնել հովին շարժումը: Անմիջապէս անդրադարձանք, թէ մեր արմուկները աւելի լայն տարածքի պէտք ունէին: Հետեւաբար առաջարկեցի ոտքի կանգնիլ եւ հովին պէս շարժիլ: Կը կարծէի, թէ սենեակը խենթանոցի պիտի վերածուէր: Սակայն, ինչ որ տեսայ, հրաշալի եւ արտայայտիչ պար մըն էր. իւրաքանչիւր մանուկի սրունքները, թեւերը, ձեռքերն ու ոտքերը կը շարժէին իւրայատուկ ձեւով, կարծէք` անոնք յայտնաբերած էին բան մը, որուն արդէն ծանօթ էին:
Երբ այլեւս ժամանակը հասած էր դանդաղելու, իւրաքանչիւրէն պահանջեցի գետին նստիլ, եւ եթէ իրենց համար հովին պատկերը տակաւին յստակ էր` գրել, թէ ինչ տեսած էին եւ զգացած: Տէյվիտ անունով պատանի մը մօտեցաւ ինծի եւ ցոյց տուաւ գրածը.
Կենդանի ըլլալ
Հոն էր
բան մը պատահեցաւ
Ինչ էր
Թռչուն մը
Ձուկ մը
Մողէս մը
Արդեօք աղջի՞կն էր
Կը լսե՞ս:
Դարձեալ կը լսեմ
Հովն է
Հովը:
Ստեղծեց զիս
Ես իր բարեկամն եմ
Հովը կը բնակի գաղտնի պարտէզի մը մէջ
Հեռու ինձմէ
Կու գայ, եւ ես քնանամ
Կը քնանամ, եւ հովն ու ես
Կը ծփանք օդին մէջ:
Որոշ գրութիւններ, մտածումի որոշ արտայայտութիւններ, զորս մանուկները կը բաժնեն մեզի հետ, կրնան շատ խորհրդանշական ըլլալ. անոնք մեզի կ՛օգնեն` հասկնալու մանուկներուն խորաթափանց մտածումները: Յաճախ մանուկները նոյնիսկ չեն գիտակցիր, թէ ի՛նչ ըսած են եւ պարզապէս իրենց ուսերը կը թօթուեն, երբ մէկը կը փորձէ գնահատել կամ գովել զիրենք: Տէյվիտին գրութիւնը նման խորհրդանշական պահ մը ընձեռեց ինծի: Ինչ որ կը փաստէր եւ ցոյց կու տար, երեւակայելու արարքն էր իբրեւ մարմնական փորձառութիւն, մանաւանդ` մանուկներուն քով, ինչպէս նաեւ` գրաւոր թէ բերանացի, մտածուած թէ երազուած լեզուին զարգացումը երեւակայութեան մէջ: Մենք պատկերներ կը ստեղծենք եւ հոգածութիւն կը ցուցաբերենք մեր ստեղծած եւ բաժնած պատկերներուն նկատմամբ: Երեւակայելու մեր խաղն է, որ մեզի առիթ կու տայ աշխարհի մէջ ապրելու երեւոյթներ, որոնք հեռու կը թուին ըլլալ մեզմէ: Անշուշտ Տէյվիտ այս մէկը ցոյց կու տար, երբ առանց երկմտելու կը գրէր. «Կը քնանամ, եւ հովն ու ես կը ծփանք օդին մէջ»:
Բանաստեղծական Բնածին Շնորհ
Իրենց աշխարհէն դուրս տարբեր բանի մը կեանքին մէջ թափանցելու, իրենց ուղեղը ուրիշի մը ուղեղին հետ փոխանակելու մանուկներուն այս կարողութիւնը կը բխի ոչ միայն անոնց խաղալու բնազդէն, այլ նաեւ` մտածումի սահուն եւ ճկուն արտայայտութենէն, որ ձեւով մը բանաստեղծական բնածին շնորհ մըն է: Հաւանաբար ասիկա «տեսնելու» այնպիսի ձեւ մըն է, ուր «տեսնողը» ինքզինք չի տարբերեր իր շրջապատի բնութենէն. այսինքն երեւակայական ձեւով կ՛ընկալէ կեանքի ամբողջութիւնը, նախքան անոր մասնատումը` նիւթերու եւ ակադեմական գիտելիքներու բաժանումով: Կարելի է զայն կոչել բնութեան օրէնքով մտածելու ձեւ մը, որ իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ աճող աշխարհներ, իւրաքանչիւրը` իրարու կապուած եւ իրարմէ կախեալ: Միջավայրի մէջ ապրող մարմիններու իրարմէ կախեալ վիճակով մտածելու եւ տեսնելու ձեւ մը:
Ահա թէ ինչ կը գրէ Նիւ Եորքէն 10 տարեկան Արլանտա.
«Կը թուի, թէ շատ գէշ է ծառի ծեր կոճղ մը ըլլալը: Ամբողջութեամբ բացուած ես: Եւ փոքրիկ անասուններ կու գան բոյն շինելու մէջս»:
Իսկ Լիպերիայէն 8 տարեկան Ֆիլմոր կը գրէ.
«Տեսայ ճամբան: Նստած էր: Սրճագոյն եւ քարքարոտ»:
Երբ կը կարդանք Արլանտայի եւ Ֆիլմորի գրութիւնները, յստակ կերպով կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս մանուկի մը ուղեղը եւ մանուկէն դուրս դէպք մը կամ երեւոյթ մը նրբօրէն իրարու քով կու գան: Ասիկա կը նշանակէ, թէ աշխարհի մասին արտայայտուիլը եւ զայն վերլուծելը սորվելով տեղի չ՛ունենար, այլ ընդոծին ձեւ մըն է բացատրելու, թէ ինչ որ ինծի կը վերաբերի, նաեւ այն է, ինչ որ կը պատահի իմ շուրջս:
Այս մէկը ակներեւ է Նոր Զելանտայէն 7 տարեկան Մերիլինի քնարերգական գրութեան մէջ, ուր ան կը նկարագրէ միջատին եւ իր ուղեղին նոյնացումը.
«Ոչինչ աւելի լաւ կը հնչէ, քան` ծղրիդին երգը: Ծղրիդին ձայնը կը պայծառացնէ զգացումներս եւ կը մղէ, որ ես ալ երգեմ: Իմ ուղեղս ծղրիդին ուղեղն է: Կը ցանկայի ես ըլլալ ծղրիդը: Կ՛ոստոստէ սեւ ծղրիդը: Դուրս կը ցցէ իր շօշափուկները, կը բռնեմ զանոնք, եւ ծղրիդին երգը կը հնչէ ուղեղիս մէջ»:
Նոյնը ակներեւ է Ատրիանի գրութեան մէջ, երբ 5-րդ դասարանի իւրաքանչիւր աշակերտի տուի քարի կտոր մը եւ թելադրեցի գրել անոր մասին.
«Իմ քարիս մէջ բաները կ՛ուզեն խօսիլ: Սակայն անոնք կը փորձեն խօսիլ այնպէս` ինչպէս կը կառուցեն իրենց իրերը, այնպէս` ինչպէս կը վարուին, այնպէս` ինչպէս կը հակազդեն իրարու, իրենց շարժումով, իրենց հրճուանքով»:
Այսքան` տեսանելի եւ անտեսանելի բաներու նկատմամբ մանուկներուն դիւրին յարաբերութեան մասին: Ինչ որ գիտենք եւ չենք գիտեր` կատարուող բանի մը կամ կատարուելիք բանի մը խորհրդաւորութեան առթած սպասումի եւ հրճուանքի զգացումին մասին` իրարու հակառակ բաներու միջեւ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծելու մեր ուղեղին կարողութիւնը չէ միայն, այսինքն միայն երեւակայութիւնը չէ, այլ նաեւ` աշխարհը բանաստեղծական ձեւով ապրելու փորձառութիւնը: Խօսքս բանաստեղծական տողերու կամ բանաստեղծութիւններու մասին չէ, այլ` բանաստեղծական հասկացողութեան, որ օրինակ` մեզի առիթ կու տայ կանգնելու առուակի մը մէջտեղը, ոչինչ ըսելու, սակայն զգալու, գէթ անցողակի կերպով, թէ ինչպէ՛ս մենք եւ ջուրը մէկ գոյութիւն ենք: Կամ` քաղաքի մը փողոցէն քալելու ժամանակ դիպուածով անցնելու ծառի մը շուքին քովէն, որ կը թուի, թէ մեզի կը հետեւի. ակնկալութիւն մըն է այս, լուսաւոր պահ մը, որուն յանկարծ կը գիտակցինք: Իւրաքանչիւրը ակնթարթ մը կը տեւէ, սակայն ակնթարթ մը, որ կը պարունակէ այնպիսի գիտութիւն մը, որ հասանելի է մանուկներուն եւ չափահասներուն, եւ զոր հազուադէպօրէն նկատի կ՛ունենաք խելացութեան կամ իրագործումի մեր ժամանակակից չափանիշներուն մէջ: Այս գիտակցութիւնը պէտք չէ նկատել իբրեւ թերաճ կամ անցողակի անմեղութեան վիճակ, այլ պէտք է նկատել մտածումի պարունակ մը, որ մեզի հետ կը կրենք մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Այս պարունակին մէջ մենք, ծառը եւ ծառին շուքը կը բաժնենք նոյն լեզուն:
Մտածումներու «Ծալքեր»
Աւելի քան 50 տարի առաջ «Տը մայնտ էզ նէյչըր» (ուղեղը իբրեւ բնութիւն) վերնագիրով յօդուածի մը մէջ անուանի մարդաբան Լորեն Այսըլի գրած է հետեւեալը. «Եթէ ուղեղը կը դրսեւորուի իբրեւ ինքնին բնութեան հարազատ եւ միաձուլուած մէկ մասը եւ գործէ բնութեան ընթացքով եւ օրէնքներով, ապա պէտք է փորձենք հասկնալ բնութեան այս ստեղծագործ երեւոյթին անդրադարձները մարդկային ուղեղին վրայ»: Անոր ուղղած մարտահրաւէրը կը կարդանք վերջերս կատարուած ուսումնասիրութեան մը մէջ, որ կը հետազօտէ մեր մտածումներուն եւ շարժումներուն բջիջային եւ քիմիական ուղիները: Կը կարծեմ, թէ Այսըլի նաեւ կ՛ակնարկէր երեւակայութեան բնոյթին, մասնաւորաբար` երեւակայութեան կենսաբանութեան, ոչ միայն իբրեւ գործունէութիւն, այլ նաեւ` իբրեւ բնական գործընթաց մը, որ ուղղակի կապ ունի մեր սեփական աճման եւ հասկացողութեան հետ:
Մանուկներուն արուեստը եւ գրութիւնները մեծ մասամբ ցոյց կու տան, թէ անոնց մտածումներուն եւ զգացումներուն մէջ «ծալքեր կը բացուին», եւ ասիկա այնպիսի գործընթաց մըն է, որ կ՛արտացոլէ կենսաբանութեան մոլեքիւլային կառոյցներուն յարակցութիւնները. այսինքն ուղեղը ինքնին բնութիւն է: Բազմաթիւ մանուկներու համար տարօրինակ չէ հովը կամ քար մը իբրեւ ապրող բան մը տեսնելը, խոտին պարը տեսնելը կամ անձրեւին մէջ դէմք մը նշմարելը: Ինչպէս 4 տարեկան Ատրիան կը գրէ.
«Անձրեւը կը քանդէ իր դէմքը
եւ փշուր-փշուր կ՛իյնայ վար:
Ապա դարձեալ կը կազմէ ինքզինք:
Միայն անձրեւը կրնայ դարձեալ կազմել ինքզինք»:
Ասիկա պարզապէս մարդակերպելու կամ շարժուն գծանկարներ ստեղծելու հարց չէ, այլ ցոյց կու տայ բնութեան գործընթացները իբրեւ ինքնութեան մէկ մասը ապրելու հակամէտութիւնը: Ասիկա ներհուն եւ առասպելական նոյն բանաստեղծական բնազդն է, որ Հարաւային Ափրիկէի անտառաբնակ մարդը կը մղէ երգելու.
«Նոր լուսին, դուրս եկուր, ջուր տուր մեզի,
Նոր լուսին, ջուր որոտացուր մեր վրայ,
Նոր լուսին, ցնցուէ եւ ջուր տեղացուր մեր վրայ»:
Կամ` հիւսիսային բեւեռի մէջ ինուիթ ցեղախումբէն կին մը, որ կ՛երգէ.
«Օրը դուրս կու գայ
Իր թմբիրէն
Օրը կ՛արթննայ
արշալոյսին հետ
Դուն ալ պէտք է դուրս գաս
Դուն ալ պէտք է արթննաս
օրուան հետ, որ կու գայ»:
Կամ` 7 տարեկան այս մանուկը, որ արեւը պատկերող իր գծագրութեան ետին գրած է.
«Արեւը
որքա՜ն շատ
կը ջերմացնէ
զիս»:
«Դուն Լե՛ռը Եղիր, Ես Կ՛ըլլամ Ծո՛վը»
Որքան յաճախ կը յիշենք կամ տակաւին կը լսենք մանուկ մը, որ այլ մանուկի մը կ՛ըսէ. «Դուն լե՛ռը եղիր, ես կ՛ըլլամ ծո՛վը», կամ` սենեակին մէկ անկիւնը կը տեսնենք մանուկ մը, որ կը խաղայ` կատարելով իր հիւսած պատմութեան բոլոր դերերը` դառնալով կատու մը, որոտումը, յանկարծ երեւցող ծիածան մը, թերեւս նոյնիսկ` բաց դռնէ մը կանչող մէկը: Մինչ ոմանք կրնան վիճիլ, թէ այս ձեւի խաղը շատ արագ սկսած է անհետանալ պատկերասփիւռի եւ թուային (տիճիթըլ) գործիքներու ստեղծած տարբեր հետաքրքրութիւններուն պատճառով, անդին` մանուկներ մեծ մասամբ կը ցանկան մուտք գործել կարելիութիւններու այս թատերական աշխարհը եւ ապրիլ անոր երազի ու ենթադրութիւններու մտերմութիւնը:
Շատ պատահած է, որ մուտք գործած եմ արհեստագիտական լաւագոյն եւ նորագոյն գործիքներով օժտուած դասարաններ եւ փայտէ փոքրիկ տուփիկէս դուրս բերած եմ թռչունի փետուր մը, ճիւղ մը, խխունջի ոլորուն պատեան մը, ծառէն ինկած տերեւ մը եւ ցոյց տուած եմ իւրաքանչիւրը, իւրաքանչիւրը` գոյութեան իւրայատուկ տեսակ մը եւ հարց տուած եմ, թէ ի՞նչ պիտի զգայինք, եթէ ըլլայինք այդ ճիւղը, այդ տերեւը, այդ փետուրը կամ այդ պատեանը: Յաճախ ստացած եմ անմիջական եւ խաղի ձեւով այնպիսի պատասխաններ, որոնք ձգտած են կեանք փնտռել երեւութապէս անկենդան իրերու մէջ, ինչ որ մանուկներուն ներհուն երեւակայութեան արդիւնքն է: Մտածումներու այս անպատրաստից մէկտեղումներուն առիթով երբեմն մանուկները եւ ես միասնաբար յայտնաբերած ենք այս տարբեր ձեւի բանաստեղծութիւնը, տեսակ մը երկխօսութիւնը, որ կը ձեւաւորէ իր սեփական իմաստը, տարբեր` գիտելիքներու առօրեայ դասաւանդումէն, սակայն` նոյնքան կապուած մեր բնոյթին եւ այն բնութեան, որուն մէջ կ՛ապրինք:
Նման փորձառութիւն մը ապրեցայ 6-րդ դասարանի աշակերտներու հետ, Քուինզի մէջ (Նիւ Եորք): Տասը շաբթուան ընթացքին մեր աշխատանքներուն ընթացքին աշակերտներէն խնդրեցի երեւակայութեամբ մուտք գործել այն մարգագետինը, ուր ես քալած էի նախորդ ամառ: Մարտահրաւէրը կ՛ուղղէի տեսնելու համար, թէ քաղաքաբնակ մանուկներ ինչպէ՛ս պիտի կարենային երեւակայել մարգագետին մը, որուն վրայ քալելու փորձառութիւնը ե՛ս ապրած էի, եւ զայն պիտի կապէին իրենց երեւակայական մարգագետիններուն հետ: Պատմեցի իրենց Քոլորատոյի լեռներուն մէջ քալելու եւ յանկարծ ինքզինքս բլուրներով շրջապատուած ընդարձակ մարգագետինի մը մէջ գտնելու փորձառութեանս մասին, նաեւ բացատրեցի, թէ ինչպէ՛ս մարգագետինի նման տարածքները երեւակայելով` զանոնք կը տեսնենք ոչ միայն մեր աչքերով, այլ նաեւ` մեր հոյակապ ներհուն տեսողութեամբ:
Մեր զրոյցին ճակատագրական պահը հասաւ, երբ սկսայ խօսիլ չարագուշակ փոթորկաբեր ամպերուն մասին, որոնք կը յառաջանային դէպի իմ կողմս, երբ կը քալէի մարգագետինին վրայ: Թերեւս փոթորիկին նշումն էր կամ ձայնիս ելեւէջը, որ կ՛արտացոլէր օդի այս փոփոխութիւնը, սակայն յանկարծ անիկա ակներեւ էր մանուկներուն աչքերուն մէջ, երբ շարժումներով կը պատմէի պատմութիւնս: Կարծէք իրենք եւս կը տեսնէին զայն, իրենք եւս կը յիշէին, մաս կը կազմէին բնանկարին եւ օդի այն փոփոխութեան, որ դիմագրաւած էի: Պատմեցի ապրած վախիս մասին, այն զգացումիս, թէ պիտի կորսուէի: Հարցուցի, թէ ի՞նչ կը կարծէին, արդեօք ի՞նչ բանէ վախցած էի: Անմիջապէս պատասխանեցին, կարծէք` մարգագետինին վրայ էին ամիսներ առաջ, ինծի հետ:
«Կորսուած էիր լերան մէջ…»:
«Կը մթննար եւ կը վախնայիր` երեւակայելով արջը, կամ այլ բան մը, եւ` ամէն ինչ: Այո՛, կը վախնայիր երեւակայութենէդ»:
«Կը վախնայիր կայծակ-փայլակէն…»:
Այդ ատեն անդրադարձայ, թէ սահման մը անցած էինք: Անոնք այլեւս կաշկանդուած չէին դասագիրքի փորձառական մտածողութեամբ, այլ սկսած էին վստահիլ իրենց ներհուն տեսողութեան հարուստ լեզուին, իրենց եւ իմ երեւակայութեանս բնոյթին մէջ մուտք գործելու այս խաղը իրենց էութեան մէջ յայտնաբերելու կարողութեան: Եւ այստեղ այլեւս կրնայինք հետազօտել ներհուն բանաստեղծականութիւնը բնութեան, անոր հողին եւ երկինքին, աճման եւ փոփոխութեան, սկիզբներուն եւ աւարտներուն, հաւաքելու եւ պահելու համար այն մտածումները, որոնք կը մնան եւ կը սնուցեն մեզ:
Յաջորդ դասապահերուն գրելու, թատրոնի եւ գեղարուեստի արտայայտչամիջոցներով մանուկները սկսան բնակիլ իրենց սեփական մարգագետիններուն վրայ: Իւրաքանչիւր մանուկի տուի չորցուած ծաղիկ մը, որպէսզի հպի անոր, բռնէ եւ հոտուըտայ: Շուտով հովը, օդը, լուսիններն ու արեւները, լոյսն ու մութը, խոտն ու ծառերը, միջատներն ու թռչունները, այո՛, նոյնիսկ ամպերը եւ փոթորիկները դարձան այն ապրող բանաստեղծութիւնը, որ իրենց մարգագետինին վրայ էր, այն բնութիւնը, որ իրենց էութիւնն էր, եւ որուն գոյութիւնը հաստատեցին եւ բաժնեցին իրարու հետ:
Այշա կը գրէր.
«Իմ մարգագետինս գեղեցիկ է:
Աղաւնիներ կան հոն
Առաւօտեան ցօղը
Եւ խնդուքս»:
Պահալոմ կը գրէր.
«Հմմ… կ՛առնեմ այդ հոտը: Կը զգամ
եղջերուի մը պէս պատրաստ` հանգչելու ազատ աշխարհի մը մէջ,
սպասելով մօրս, որ կերակրէ զիս, որպէսզի հանգչիմ»:
Տուէյն կը գրէր.
«Իմ մարգագետինս կը նմանի
Մարգագետիններու տօնախմբութեան մը:
Վարդեր կան ծաղկած
Ոսկեկոկոններ կ՛աճին,
Մարգարտածաղիկներ կը ժպտան
Խոկածաղիկներ կը տատանին հովին հետ,
Սեւաչեայ սուսաններ կ՛աճին…»:
Ճենիֆըր կը գրէր.
«Լոյսը շատ գեղեցիկ կը սահի
Անոր ընդմէջէն նայելով` աշխարհը կը տեսնեմ»:
Ճորճ կը գրէր.
«Ես խոտն եմ:
Ես անշարժ եմ:
Ես քնաթաթախ եմ:
Ես լուռ եմ:
Օ՜, այո՛, ես խոտն եմ…
Եւ անշարժ եմ…
Եւ քնաթաթախ եմ…
Եւ լուռ եմ…
Օ՜, այո՛, ես խոտն եմ
Եւ այսպէս կ՛ըսեմ բարի գիշեր»:

