Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի Հիմնադիր Ն. Ջ. Սբ. Ամենափրկիչ Վանքի Տպարանի Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

Խաչատուր Վարդապետ Կեսարացի
Հայրապետական Նուիրակ Լեհաստանի Մէջ

Մեր նպատակէն դուրս է այստեղ մտնել տասնամեակներու վրայ երկարած այդ վէճի մանրամասնութեանց մէջ, որ ունեցաւ իր տխուր եւ ազգակործան վախճանը: Այս փակագիծը կը բանանք Խաչատուր վարդապետի կենսագրութեան մէջ, որովհետեւ անոր Լեհաստան կատարած այցելութիւնը, այնտեղ ապրած դառն փորձառութիւնը հետագային կարեւոր դեր ունեցան Ջուղայի մէջ իր տպարան հիմնելու եւ գիրքեր տպելու որոշումին մէջ:

Նիկոլ Թորոսովիչի գործած չարիքներուն եւ Լվով քաղաքի հայութեան կրած չարչարանքներուն մասին Առաքել Դավրիժեցի իր «Գիրք պատմութեանց» ծաւալուն հատորին մէջ ունի առանձին ընդարձակ գլուխ մը` «Պատմութիւն նեղութիւնների եւ չարչարանքների, որ կրեցին Լվով քաղաքում բնակուած հայ քրիստոնեաները» (1) խորագիրով, ուր մանրամասնօրէն նկարագրուած են Նիկոլ Թորոսովիչին եւ անոր եպիսկոպոսական իշխանութեան ընդդիմացող հայութեան խնդիրները: Այնտեղ կը գտնենք նաեւ Խաչատուր վարդապետին թափած հաշտարարական ճիգերը, որպէսզի կարենայ խաղաղ լուծում մը գտնել ամբողջ համայնքը դէպի կործանում առաջնորդող խռովութեան: Անշուշտ կան ժամանակակից լատին հեղինակներու եւ այլ հայկական աղբիւրներու վկայութիւններն ու բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ այս նիւթին մասին (2):

Նիկոլ աբեղայ զաւակն էր Լվովի մեծահարուստ Թորոսովիչ ընտանիքի, որոնք թէ՛ կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ պետական շրջանակներու հետ մօտիկ կապեր ունէին: Մեծամտութեան եւ փառամոլութեան ախտէն վարակուած` Նիկոլ, որ եկեղեցականի ոչ վայել իր կենցաղով չէր սիրուած Լվովի հայ համայնքին կողմէ, կաշառելով Էջմիածնի Մելիքսէթ կաթողիկոսը,  հակառակ ժողովուրդի կամքին, գաղտնօրէն եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր անկէ, երբ տակաւին 22 տարեկան էր:

Նիկոլի առաջին դատապարտելի արարքը եղաւ այն, որ Գրիգոր վրդ. Կեսարացիին (որ Մովսէս կաթողիկոսին վարդապետական գաւազան էր շնորհած), թոյլ չտուաւ Լվով մտնել, քանի որ դաւադրաբար զայն ներկայացուցած էր պետութեան մօտ` որպէս թրքական լրտես: Այնուհետեւ Գրիգոր Վարդապետ Նիկոլի դաւաճանական այս արարքը ու, տակաւին,  ժողովուրդէն լսած  զանազան գանգատները գրաւոր ներկայացուց Մովսէս կաթողիկոսին, որ բանադրանքի թուղթ գրեց Նիկոլին վրայ: Այդ բանադրանքի թուղթը, սակայն, ամբողջութեամբ արհամարհուեցաւ Նիկոլին կողմէ: Այս պատճառով, ըստ Առաքել Դավրիժեցիի, «չափազանց խիստ հակառակութիւն ընկաւ [Նիկոլ] եպիսկոպոսին ու ժողովուրդին միջեւ: Այսպէս մնացին հակառակութեան մէջ, մինչեւ վրայ հասաւ 1630 թուականը, երբ Մովսէս կաթողիկոսը իր մեծ աշակերտ` կեսարացի Խաչատուր վարդապետին առաքեց արեւմտեան աշխարհ` որպէս նուիրակ Սուրբ Էջմիածնի…»:

Խաչատուր վարդապետը, կը վկայէ Առաքել Դավրիժեցի, «հեզ, խաղաղ եւ քաղցրաբարոյ մարդ էր, ոչ անմիտ ու անբան, այլ իմաստուն ու բանիբուն, որ լոկ միայն տեսքով պատահածներուն կ՛առինքնէր. այս պատճառով անոր նուիրակ նշանակեցին»:

Ան անցաւ երկրէ երկիր. նախ Կեսարիոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Գրիգոր Կեսարացի վարդապետին հետ. անկէ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ստանալէ ետք Նիկոլին մասին, շարունակեց իր ճամբան եւ հոն, ուր հայ համայնքներ կային, որպէս նուիրակ` մխիթարեց զանոնք եւ վերջապէս հասաւ Լվով:

Մեծ ուրախութեամբ զինք ընդունեց Լվովի համայնքը: Շուտով իր մօտ եկան հեղինակաւոր անձինք, որոնք բազմաթիւ օրինակներով պատմեցին Նիկոլին զեխ ու շուայտ կեանքին եւ Լվովի համայնքին հասցուցած չարիքներուն մասին: Անոնք կը յուսային, որ Մովսէս կաթողիկոսի հեղինակութեամբ զինուած եւ լիազօրուած այս նուիրակը վերջապէս արդարօրէն պիտի դատէ, դատապարտէ եւ հայրապետական իշխանութեամբ պաշտօնազրկէ զինք:

Լսելով հանդերձ այս բոլորը, Խաչատուր վարդապետ, ըստ իր ազնիւ ու խոնարհ բնաւորութեան, հրապարակով չէր յանդիմաներ Նիկոլը, այլ երբ առանձին էին, մեղմ ու խրատական ձեւով կը խօսէր անոր հետ` յուսալով կարգի բերել զայն: Սակայն Նիկոլին հոգը չէր այդ բոլորը, քանի որ ոչ մէկ բան հաշուի կ՛առնէր, «որովհետեւ ո՛չ վարդապետէն կ՛ամչնար եւ ո՛չ ալ ժողովուրդի ամբաստանութիւններէն կը վախնար, այլ իբրեւ անշարժ լեռ` արձանացած էր իր կամքին վրայ», կ՛ըսէ Դավրիժեցին:

Եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագի ընթացքին պատահած անհնազանդութեան պարագայ մը պատճառ դարձաւ, որ Նիկոլ հրապարակաւ արհամարհէ Խաչատուր վարդապետին հեղինակութիւնը. ուստի, ան խորապէս վիրաւորուած` այլեւս իր համբերութեան բաժակը լեցուած, դառնալով ժողովուրդին` բարձրաձայն յայտարարեց. «Անիծեա՛լ ըլլայ այն անձը, որ այս եպիսկոպոսին` Նիկոլին ետեւը կանգնած` կը ծնրադրէ, այլ խօսքով` կ՛աղօթէ»: Այնուհետեւ, ի նշան բողոքի, կէս ձգելով պատարագը` դուրս եկաւ եկեղեցիէն: Լսելով այս բանադրանքը, ժողովուրդը եւս անմիջապէս հետեւեցաւ Խաչատուր վարդապետին: Նիկոլն ու իր փոքրաթիւ հետեւորդները մնացին եկեղեցւոյ մէջ ու շարունակեցին արարողութիւնը:

Պատարագէն ետք, երբ ամէն մարդ տուն գնաց, հայոց իշխաններն ու դատաւորները, անոնք, որոնք իրաւասութիւն ունէին համայնքին կրօնական ու ազգային ներքին կեանքը կառավարելու, վերադարձան նոյն օրն իսկ` ցերեկը եկեղեցի, եւ զայն փակելով` դրան բանալին վերցուցին եւ տարին իրենց հետ: Այնուհետեւ փակ պահեցին եկեղեցին Նիկոլին առջեւ եւ առաջարկեցին Խաչատուր վարդապետին դատական ատեան կազմել` դատելու համար Նիկոլը` անոր յանդգնութեան եւ այլեւայլ անկարգութեանց եւ յանցանքներուն համար:

Երբ այս մասին տեղեկացաւ Նիկոլ, զգալով, որ զինք պաշտօնազրկելու օրերը մօտեցած էին, դիմեց բացորոշ կերպով կաթոլիկ կղերի օգնութեան: Իր մօտ հրաւիրեց երկու ֆռանկ (3) վկաներ. անոնցմէ խոստում առաւ դատարանի շէնքին մէջ թաքնուելու, որպէսզի երբ զիրենք կանչէ, գան ներս եւ ի նպաստ իրեն վկայութիւն տան:

Դատական ատեանը երբ բացուեցաւ, Նիկոլ հրամայեց ծառային իր եպիսկոպոսական աթոռը դնել վերը, ամէն անգամուան նման,  որպէսզի նախագահէ ատեանին: Իսկ երբ զինք դատելու եկած իշխաններն ու դատաւորները յիշեցուցին իրեն, որ ինք կանչուած է դատուելու. ուստի պէտք է ոտքի կանգնի, ան պատասխանեց.

– Իսկ ո՞վ է զիս դատողը:

Իշխանները ըսին.

– [Էջմիածնէն] եկած այս նուիրակը եւ այս դատաւորները, որոնք ահա այստեղ են:

Այդ պահուն Նիկոլը բարձր ձայնով կանչեց, նոյն տան մէջ գաղտնի պահուըտած վկաները, որ դուրս գան: Երբ անոնք անմիջապէս դուրս եկան եւ կանգնեցան ատեանին մէջ, անոնց ուղղելով իր խօսքը` ըսաւ. «Աստուծոյ սիրոյն, ձեր աչքերով տեսէք եւ վկայեցէք ինծի համար, քանի որ ես եպիսկոպոս եմ, իսկ ասոնք աշխարհական ըլլալով` հաւաքուած են զիս դատելու. իսկ այս վարդապետը [Խաչատուր Կեսարացին] թուրքերու երկրէն եկած է այս երկիրը, որպէսզի մեր երկրի ինչպէս ըլլալը իմանայ [լրտեսէ]. ան նստած է այս աշխարհականներուն հետ եւ այս բոլորը նստած են միասին, որպէսզի զիս դատեն»:

Ֆռանկ վկաները յայտարարեցին. «Ինչ որ մեր աչքերով տեսանք, այս մասին մենք պատրաստ ենք վկայութիւն տալու, ուր ալ մեզ տանին, կը վկայենք»:

Այդ ժամանակ, կ՛ըսէ Դավրիժեցին, այնտեղ հաւաքուած հայերը` թէ՛ քահանաները եւ թէ՛ դատաւորները, ֆռանկներու երկիւղէն սարսափահար, զարհուրեցան եւ սկսան մէկ առ մէկ ելլել ու փախչիլ. նոյնպէս Խաչատուր վարդապետ ելաւ տեղէն ու գնաց իր տունը:

Յաջորդող օրերու ընթացքին, երբ եկեղեցւոյ դռները փակ մնացին, Նիկոլ փորձեց միջնորդներու միջոցով, խաբեբայութեամբ եւ կեղծաւորութեամբ սիրաշահիլ Խաչատուր վարդապետն ու Լվովի իշխաններն ու քահանաները, որոնք կը մերժէին եկեղեցւոյ դուռը բանալ իր առջեւ: Մինչ լվովցիք հաւատք չընծայելով անոր սուտերուն եւ խաբեբայութեանց` հաստատ կը մնային իրենց հակառակութեան վրայ, Խաչատուր վարդապետ, լաւ ճանչցած ըլլալով Նիկոլին գոռոզ ու ամբարտաւան նկարագիրը, կը զգար, որքան անոնք շարունակէին իրենց վէճն ու կռիւը Նիկոլին հետ, «ապագային աւելի շատ չարագործութիւն կը յորդի անկէ»:

Ուստի, խուսափելու համար ապագային պատահելիք շատ աւելի մեծ վտանգներէ, հակառակ իր կամքին, կը յորդորէր լվովցիները` հաշտուիլ Նիկոլին հետ: Սակայն անոնք անդրդուելի կը մնային. ընդհակառակը, ամէն կերպ կը քաջալերէին կաթողիկոսի նուիրակ վարդապետը` շարունակել Նիկոլին դէմ պայքարը` առանց վախնալու անկէ:

Երբ Նիկոլ եպիսկոպոսը համոզուեցաւ, որ այլեւս ոչ մէկ ձեւով կրնայ իր հակառակորդներուն միտքը փոխել, դիմեց իր վերջին աղէտաբեր քայլին` ԴԱՒԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ: Գնաց ֆռանկներու եկեղեցականներուն մօտ, ստեղծեց սերտ կապեր քաղաքի մէջ գտնուող Ճիզուիտ (4) (յիսուսեան) միաբանութեան պատկանող վարդապետներու հետ: Միաբանեցաւ անոնց հետ եւ անջնջելի ստորագրութեամբ խոստումնագիր տուաւ անոնց` հետեւեալ բառերով, թէ` «ԵՍ` ՀԱՅՈՑ ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՍ, ԻՄ ԿԱՄՔՈՎ ՄԻԱԲԱՆԵՑԱՅ ՀՌՈՄԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԵՏ ԵՒ ՄՏԱՅ ՊԱՊԻ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՔՈՅ ԻՄ ԲՈԼՈՐ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐՈՎ, ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ԱՆՈՐ ԲՈԼՈՐ ՀՐԱՄԱՆՆԵՐԸ»:

Ճիզուիտներու միաբանութեան գլխաւորը, իրեն հետ առնելով այլ կաթոլիկ միաբանութիւններէ եկեղեցականներ, նաեւ` հայոց Նիկոլ Եպիսկոպոսը, բոլորը միասին ներկայացան իրենց արքեպիսկոպոսին, որ ընթացք տալով անոնց խնդրանքին, գրաւոր պատգամ ուղարկեց քաղաքի իշխանին` հրամայելու հայոց ժողովուրդին, ըստ հետեւեալի: Կա՛մ հնազանդեցէք ձեր Եպիսկոպոսին եւ բացէք եկեղեցւոյ դուռը եւ կա՛մ ալ ներկայացէք դատական ատեան: Այս հրամանը երեք անգամ ուղարկուեցաւ հայ համայնքին, սակայն «հայերը ո՛չ եկեղեցին բացին եւ ո՛չ ալ դատարան գացին», կ՛ըսէ Դավրիժեցին:

Մնացեալ պատմութիւնը կարելի է անուանել ազգային աղէտ կամ ցաւալի ողբերգութիւն: Այժմ, որ Նիկոլ կը վայելէր Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ` քաղաքի իշխանին դատական եւ զինուորական օժանդակութիւնը, իր շուրջ հաւաքելով ճիզուիտ եւ այլ կաթոլիկ միաբանութիւններու վարդապետները եւ անոնց դպրոցական աշակերտները, նաեւ` դատաւորներ ու զինուորներ, եկաւ հայոց եկեղեցւոյ դրան առջեւ` ամէն գնով մուտք գործելու եկեղեցի:

Անթիլիաս
(Շար. 6)

 

(1) Բնագրի քննական հրատարակութեան համար տեսնել Առաքել Դավրիժեցիի «Գիրք պատմութեանց»-ը, աշխատասիրութեամբ Լ.Ա. Խանլարեան (Երեւան, 1990), գլուխ ԻԸ: Արեւելահայերէնի աշխարհաբար թարգմանութիւնը կատարուած է, յառաջաբանով եւ ծանօթագրութիւններով, Վարագ Առաքելեանի կողմէ (Երեւան, 1988): Մենք օգտագործած ենք երկուքն ալ` նախապատուութիւնը տալով գրաբարին, երբ պէտք է ճիշդ իմաստը հասկնալ:

 

(2) Տեսնել Օրմանեան, «Ազգապատում», Բ. հատոր, Բ. մաս, No 1638, նաեւ No 1660-1662:

 

(3) Մենք այստեղ եւ յաջորդ էջերու մէջ պահած ենք բնագիրի մէջ գործածուած ֆռանկ բառը: Ա. Դաւրիժեցին ֆռանկ կ՛անուանէ, անկախ իրենց ազգութենէն, ոչ հայ բոլոր կաթոլիկ եկեղեցականները: Հետագային հայոց մէջ ֆռանկ կը կոչուէին կաթոլիկացած հայերը: Միջնադարեան հայ հեղինակներ ֆռանկ անունը կու տային Արեւելք եկող եւրոպացիներուն:

 

(4) Ա. Դաւրիժեցին կը գրէ,¬ «Իսկ Նիկօլ… գնաց առ եկեղեցականս Ֆռանկաց, որք կան ի մէջ քաղաքին Իլովայ, եւ մանաւանդ առ այնոցիկ, որք ի կարգէն Եզվայիտայ են…»: Վ. Առաքելեան «ի կարգէն Եզվայիտայ են»ը կը թարգմանէ, «գնաց անոնց մօտ, որոնք ճիզուիտներու կարգին կը պատկանին: Ծանօթ է նաեւ Ճիզուիթ տառադարձութիւնը: Ֆրանսերէն` Jésuite: Մեր գրութեան մէջ մենք գործածած ենք Ճիզուիտ ձեւը: Յամենայն դէպս, Յիսուսեան Միաբանութեան հիմնադրութեան պարագաները եւ անոր անդամներու` ամբողջ աշխարհի մէջ ունեցած գործունէութիւնը քաջածանօթ է եկեղեցւոյ պատմութեան. ուստի, կարիք չենք տեսներ այդ մասին յաւելեալ բացատրութիւններ տալու:

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )