«Մենք Ենք, Մեր Լեռները» Յուշարձանը Կը Բարեկարգուի
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 26 օգոստոսին այցելած է Արցախի գլխաւոր խորհրդանիշներէն մէկը հանդիսացող «Մենք ենք, մեր լեռները» յուշարձան, ուր ծանօթացած է իրականացուող բարեկարգման աշխատանքներուն: Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է ազգային արժէք ու պատգամ ունեցող կառոյցներուն պահպանումը` նշելով, որ յուշարձանին բարեկարգ ու յարմարաւէտ տարածքը ժամանցի լաւ վայր պիտի հանդիսանայ Արցախի բնակչութեան, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտ ժամանող հիւրերուն ու զբօսաշրջիկներուն համար: Նախագահ Սահակեան նաեւ համապատասխան յանձնարարականներ տուած է բարեկարգման աշխատանքներու եզրափակիչ հանգրուանը պատշաճ մակարդակով աւարտին հասցնելու ուղղութեամբ` պահպանելով նշուած ժամկէտներն ու բարձր որակը:
Նախագահին կ՛ընկերակցէին Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:



