Անմոռանալի Հալէպը. Հայկազեան Վարժարան, Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Լուսանկար Մը Եւ Ուրիշ Բաներ…
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Արդի ճարտարագիտութեան գլխաւոր նուաճումը հանդիսացող համացանցն ու անոր ընդմէջէն` ընկերային հաղորդակցութեան առցանց կապերը (անլայն), մանաւանդ` Դիմատետրը, իրենց հմայքին տակ կրցեր են առնել մեր դարուն երեխան ու տարեցը, գիտնականն ու արհեստաւորը, հոգեւորականն ու վաճառականը, ուսուցիչն ու աշակերտը: Ամբո՛ղջ աշխարհը: Կարելի չէ դիմադրել այս հրաշալի գիւտին: Եւ ինչո՞ւ դիմադրել: Նոյնիսկ հայկական դիտանկիւնէ, անիկա սքանչելի փորձառութիւններու գետին մը կրնայ շահեցնել մեզի` սփիւռքահայերուս, կրնայ նպաստել հայապահպանումի մեր համազգային ճիգերուն, եթէ խելացի ու արդիւնաւէտ կերպերով գիտնանք շահարկել ու մատակարարել զայն:
Պիտի խօսիմ օրինակներով:
Հալէպի Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի իմ վաղեմի ընկերներէն մին` Հրաչ Քալսահակեան, որ իր սերունդին (1984-ի շրջանաւարտ) ամէնէն փայլուն ուսանողներէն մին էր ու երկրորդականը հազիւ աւարտած` նստած ու ծայրէ ծայր արաբերէնի թարգմանած էր Ա. Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ը (աւելի ուշ` այլ գործեր ալ), շուրջ մէկուկէս տարիէ ի վեր Տուպայի մէջ Դիմատետրի հայկական առցանց կայքէջ մը կը ղեկավարէ:
Կայքէջը կը կոչուի «Հալէպահայեր» (Aleppo Armenians): Ամիսներու վրայ երկարող իր յամառ ջանքերուն շնորհիւ, նաեւ` կայքավարէ մը (էտմին) ակնկալուող ամէն բարեմասնութեանց անթերի կիրարկումով, Հրաչ իր կայքէջին շուրջ կարողացեր է ժողվել մօտ 5700 անդամ: Ասոնք միայն հալէպահայեր չեն: Թէեւ Հալէպ բնակողները կամ նախկին հալէպահայերը կը կազմեն խումբին հիմնական կորիզը, այնուհանդերձ, սփիւռքեան բազմաթիւ գաղութներէ մեծաթիւ հայեր ալ կ՛անդամակցին համացանցային այս իւրայատուկ ընտանիքին, նաեւ Հայաստանէն` հազարի չափ հայորդիներ:
Ամբողջ հայաշխարհը գրկող աւազան մը, ուրեմն, որուն մէջ իւրաքանչիւր անդամ կը լողայ, կը նաւարկէ կամ տեսակէտ կ՛արտայայտէ ազատօրէն, տեսակ մը Անգլիոյ Հայտ Փարքը յիշեցնող մթնոլորտի մը մէջ, բաւ է, որ յարգուի խումբին կանոնագրութիւնը ու չըլլան պատշաճութեան, քաղաքավարութեան ու փոխադարձ յարգանքի մայր սկզբունքները ոտնակոխող ելոյթներ…
Այս Դիմատետրին թաւալող էջերուն մէջ ինծի համար ամէնէն հրապուրիչ երեւոյթը ՀԱՅԱԳԻՐ ՆԱՄԱԿԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԸՆՁԻՒՂՈՒՄՆ Է: Ճիշդ է, որ ինչ-ինչ պատճառներով լատինատառ հայերէնն ալ կը պահէ իր գոյութիւնը այնտեղ, բայց ես կ՛ուզեմ նայիլ գաւաթին լեցո՛ւն բաժնին…
Շարունակ կը գանգատինք ու կ՛աւաղենք, թէ հայկական դպրոցներէ շրջանաւարտ մեր ուսանողները երկու տող հայերէն չեն ուզեր գրել, հայերէնով հաղորդակցելէ կը խուսափին: Կը տիրէ այն համատարած կարծիքը, թէ հայերէն նամակագրութիւնը ա՛լ դադրած է սփիւռքի մէջ, այնպէս` ինչպէս գրեթէ դադրած են հայերէն շարադրութեան դասերը մեր հայկական վարժարաններուն մէջ…
Դիմատետրի «Հալէպահայեր» կայքէջը, սակայն, մեզ լաւատեսութեան կը մղէ: Կը նկատենք, որ այնտեղ մեծ թիւով հայորդիներ հայատառ հայերէնով կ՛արտայայտուին: Սա կը նշանակէ, թէ անոնք գիտակից նախանձախնդրութիւն մը ունին իրենց մայրենիին նկատմամբ: Անոնք ձեւը գտեր են իրենց համակարգիչները օժտելու հայերէն տառերով, այդպիսով ալ` ընդմիշտ հրաժարելով լատինատառ գրելու տաժանագին ստիպողութենէն:
Բոլոր հայագիր գրողները չէ անշուշտ, որ կը յաջողին ԱՆՍԽԱԼ գրել: Կան ուղղագրական օրէնքներու դէմ ակամայ մեղանչողներ, ինչպէս որ կան շարահիւսական սխալներու թակարդը ինկողներ: Բայց հոգ չէ: Պէտք է համբերութեամբ քաջալերել բոլոր հայատառ գրողները, որպէսզի անոնք տակաւ առ տակաւ մշակեն իրենց լեզուն, թօթափեն սխալները, կատարելագործեն իրենք զիրենք: Ես կ՛ուզեմ գնահատել անոնց կամքը` հայագրութիւնը կիրարկելու եւ ընդհանրացնելու, որովհետեւ անիկա ինքնաբերաբար լատինատառ հոսանքին դէմ բացուած ճակատ մըն է:
* * *
Դիմատետրի այս նոյն կայքէջին վրայ անցեալները, փորձութիւնը ունեցայ «անհրապոյր» նիւթ մը զետեղելու. լուսանկար մը ու քանի մը տողնոց պատշաճ բացատրութիւն մը այդ մասին:
Լուսանկարը կը ներկայացնէր վաղեմի ուսուցիչներ Թէօլէօլեան ամոլը: Տէր եւ տիկին Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեաններ, որոնք Հալէպի 40-ական եւ 50-ական թուականներու կրթական ու հանրային կեանքին մէջ ուշագրաւ ներկայութիւն մը եղեր էին, մասնաւորաբար` նորահաստատ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի շրջանակին մէջ:
Այս լուսանկարին զետեղումով պարզապէս փափաքեր էի ոգեկոչել անոնց յիշատակը, նաեւ յիշեցնել, թէ հալէպահայոց կրթական երբեմնի կեանքին մէջ վաստակաշատ ու պատկառելի ուսուցիչներու փաղանգ մը գոյութիւն ունէր:
Միւս կողմէ, սակայն, գրեթէ վստահ էի, որ տեղադրուած լուսանկարն ու նիւթը մասնաւոր շահագրգռութիւն մը պիտի չստեղծէին կայքէջի անդամներուն մօտ: Այսօրուան նորաճաշակ սերունդին համար, որ կեանքը կը դիտէ լոկ համացանցի ու Դիմատետրի հաճոյալիր պատուհանէն, պր. ԹԷօլէօլեան մը կամ տիկին Գոհար մը իրենց վեց տասնամեակներու հեռաւորութենէն բան մը կ՛ըսե՞ն: Դիմատետրի թաւալող էջերը խուզարկող ժամանակակից հայու մը աչքերը կրնա՞ն պահ մը կանգ առնել Թէօլէօլեան ամոլին լուսանկարին առջեւ ու հոնկէ ալ ոստում մը կատարել դէպի մեր անցեալի պատմութիւնը: Խե՜նթ երազներ…
Բայց պատահեցաւ այն, զոր չէի ակնկալեր:
Թէօլէօլեաններու լուսանկարը դուռ բացաւ մեծաթիւ մեկնաբանութիւններու, դէմ յանդիման գտնուեցանք հաճելի յայտնութիւններու:
Առաջին արձագանգ մը եկաւ Ամերիկայէն: Կին մը կ՛ըսէր, թէ Գոհար Թէօլէօլեան իր ուսուցչուհին եղեր էր Հալէպի Անարատ յղութեան հայ քերց դպրոցը, Թիլել փողոց:
Յետոյ, Յակոբ Քիթապճեան անուն հայորդի մը (Ֆիլատելֆիայէն) կը գրէր, որ Թէօլէօլեանները` «իմ սիրած ուսուցիչները եղած են թէ՛ Հայկազեան վարժարանին, թէ՛ ալ Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ»:
Շուտով կը պարզուէր նաեւ, ի զարմանս շատերու, թէ վերոնշեալ Յակոբ Քիթապճեանը, հիմա արդէն ութսունամեայ, եղած էր Հալէպի Ճեմարանին ԱՌԱՋԻՆ ուսանողներէն:
Գիտենք, որ Ճեմարանը կեանքի կոչուած էր 1947-ին: Ուրեմն այդ թուականին, գերազանց նիշերով աւարտելէ ետք Ազգ. Հայկազեան նախակրթարանը, Յ. Քիթապճեան հանդիսացեր էր մին այն սակաւաթիւ բախտաւորներէն, որոնք մուտք գործեր էին նորաբաց ճեմարանին դարպասէն ներս:
66 տարուան անուշ ու անմոռանալի անցեալ մը վկայակոչելով` Քիթապճեան Դիմատետրի իր ընկերներուն` մեզի՛ կը պատմէր դէպքեր ու դրուագներ.
– 1947-ին առաջնորդ Զարեհ եպս. Փայասլեան ստիպեց զիս, իբրեւ Հայկազեանի լաւագոյն շրջանաւարտը, որ իմ ուսումը շարունակեմ նորաբաց ճեմարանին մէջ: Ես որբ էի (հայրը մահացած էր, երբ ինք դեռ երեք տարեկան էր, Լ. Շ.), հետեւաբար բոլոր ծախսերս ինք պիտի հոգար: Բայց դժբախտաբար Բ. տարիէն ետք ակամայ թողուցի Ճեմարանը ու գացի Ալէփփօ քոլեճ: Թէեւ միշտ սիրով կապուած մնացի Ճեմարանին, մինչեւ այսօր:
Քիթապճեան կը յիշատակէր Ճեմարանի իր դասակիցներէն Երուանդ Փամպուքեանն ու Յասմիկ Նաճարեանը: Յետոյ կը յիշէր, թէ այդ առաջին տարին, երբ պր. Թէօլէօլեան դասարան մտեր էր, ըսեր էր իրենց. «Հայ գրականութեան դասագիրք պիտի չունենաք այս տարի: Դասանիւթերը իմ ձեռքով պիտի գրեմ գրատախտակին վրայ: Գրի առէք ու լաւ սորվեցէք»: Ու այդ ձեռագիր տետրակը մինչեւ այսօր մասունքի նման պահպաներ էր իր մօտ…
Յուշերու այս քակուող կծիկը կը վարակէր ուրիշներն ալ: Ֆրանսայէն նախկին հալէպահայ մը կը գրէր, որ ինք Թէօլէօլեանները չէր ճանչցած, սակայն ուսուցիչ ունեցած էր անոնց աշակերտները` Երուանդ Տեմիրճեանը, Յակոբ Պալեանը, Յասմիկ Նաճարեանը, Աղաւնի Էլոյեանը, Զարուհի Զէյթունցեանը: «Անոնք Թէօլէօլեանի շունչէն բաներ մը փոխանցեցին մեզի ապահովաբար», կը նշէր ան:
Յ. Քիթապճեան դեռ կը գրէր, թէ Ամերիկա հաստատուելէ ետք ալ բարեկամական կապեր պահպանեց Թէօլէօլեաններուն հետ: Տիկին Գոհար իրեն պատմեր էր, թէ ինչպէ՛ս սիրահարեր էր Մինասին, Պոլսոյ մէջ…
Թէօլէօլեաններուն մասին արծարծուած այս Դիմատետրային բազմաձայն զրոյցը առիթ մը կ՛ըլլար նաեւ, որ ոմանք յիշատակեն պր. Մինասին նշանաւոր «Դար մը գրականութիւն»-ը, նաեւ` Նիկոմիդիոյ երբեմնի հայաբնակ Պարտիզակ գիւղաւանը, ուր ծնած էր ան ճի՛շդ հարիւր տարի առաջ, 1913-ին: Չէր մոռցուեր նոյնիսկ Թէօլէօլեաններու որդին` փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեանը, որ գրականութեան դասախօս է Ամերիկա:
Երկու-երեք երիտասարդներ հարց կու տային Քիթապճեանին, թէ ան ինչո՞ւ գրի չ՛առներ ճեմարանի մասին իր յուշերը, մանաւանդ որ շարադրելու կամ պատմելու ակնյայտ շնորհ մը ունի: Պատասխանը անսպասելի էր.
– Ամէն ինչ գրած եմ արդէն: 2009-ին հրատարակուեցաւ յուշերու գիրքս` «Դէմքեր, դէպքեր ու մտքի ցոլքեր» խորագրով: Նոյն առնչութեամբ, գրած եմ նաեւ անգլերէն բազմահարիւր էջեր: Վերջերս «iPhoto»-ի միջոցով դասաւորեցի 5000-է աւելի լուսանկարներ, կեանքիս բոլոր հանգրուաններուն մասին…
Հետաքրքրութիւնս կը մղէր զիս աւելի՛ն գիտնալու Յ. Քիթապճեանին մասին: Դիմատետրի իր սեփական էջէն կը քաղէի յաւելեալ տեղեկութիւններ, նաեւ հաճոյքով կը կարդայի փունջ մը հոն տեղադրուած իր անգլերէն սրտախօսիկ յուշերէն, որոնք կը պատմեն Հալէպի մասին:
Կը պարզուէր, որ անոր ծնողները կեսարացի էին: Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն վկայուած էր իբրեւ ճարտարապետ: 1956-ին անցած էր Ամերիկա ու կայք հաստատած` Ֆիլատելֆիա, շատ գործօն մասնակցութիւն բերելով տեղւոյն եկեղեցական ու ազգային կեանքին: 1994-ին, Վազգէն Ա. կաթողիկոս «Ս. Ներսէս Շնորհալի» մետալով ու առանձին կոնդակով մեծարած էր զինք` առ ի գնահատանք իր կէս դարու եկեղեցանուէր ծառայութեանց:
* * *
Մինչ ճեմարանի մասին այս խիստ շահեկան զրոյցը կը շարունակուէր, Դիմատետրի մեր ընկերներէն մին Հալէպի Հայկազեան վարժարանի շրջանաւարտից հին լուսանկար մը կը տեղադրէր կայքէջին վրայ:
Սեւ-ճերմակ փայլուն լուսանկար մըն էր այս, ուր կ՛երեւէին Հայկազեանի մանչերու բաժնի 1947-ի պատանի շրջանաւարտները, թիւով` 28 հոգի, իրենց երկու ուսուցիչներուն` Արմէն Անուշին (տնօրէն) եւ Փիլիպպոս Դերձակեանին հետ:
Նկարը տեղադրող մեր ընկերը կը նշէր, որ` «աշակերտներէն եթէ ցարդ ապրողներ կան, արդէն բոլորած ըլլալու են իրենց 80-ամեակը»:
Այս պատմական խմբանկարը եւս դուռ կը բանար մեկնաբանութիւններու: Քանի մը անձեր ափսոսանք կը յայտնէին, թէ Հայկազեան վարժարանի ծրագրեալ յուշամատեանը շուրջ 40 տարիէ ի վեր յաճախ խօսիլ կու տայ իր մասին` առանց տպագրուած ըլլալու բախտին արժանանալու… Ինչո՞ւ կը ձգձգուէր ատոր հրատարակութիւնը, ինչո՞ւ պատկան մարմինները լրջօրէն չէին հետապնդեր այս գործը: Ուրիշներ ուշադրութիւն կը հրաւիրէին պատանի շրջանաւարտներու… ոտնամաններուն վրայ, որոնք շա՜տ տարբեր էին հիմակուան կօշիկներէն: Տակաւին, կը նշուէր, որ պատանիներուն դէմքերուն վրայ ժպիտ չկայ եւ այլն…
Այստեղ, դա՛րձեալ, իր սիրելի ներկայութիւնը կը բերէր մեր 80-ամեայ ընկերը` Յակոբ Քիթապճեան: Ան կը յայտարարէր, որ հրապարակուած լուսանկարը ի՛ր շրջանաւարտութեան խմբանկարն էր: Հիմա, ահաւասիկ, 66 տարի ետ երթալով` պիտի փորձէր վերյիշել իր դասընկերները ու մի առ մի նշել զանոնք` ըստ կարելւոյն: Ու կը թուէր.
– Սարգիս Համպոյեան, Արա Փայլեան, Յակոբ Երկաթեան, Եդուարդ Բատոյեան, Վահէ Սիմոնեան, Սուրէն Սարգիսեան, Արմենակ Մելիքեան, Յակոբ Սեֆերեան, Վիգէն Մինասեան, Ալպեր Տէր Պետրոսեան, Յովսէփ Փիրանեան, Գրիգոր Մանսուրեան, Արշակ Սաղաթելեան, Սարգիս Տեմիրճեան, Յովսէփ Ոսկեան, Տիգրան Գոնտրաճեան, Կարապետ Արսլանեան, Համբարձում Համպոյեան, Գուրգէն Գասապեան, Գէորգ Էսմերեան, Յակոբ Պոզոյեան, Բիւզանդ Գլըճեան, Գէորգ Պալեան եւ ինք` Յ. Քիթապճեան:
Յակոբ Քիթապճեան կը գրէր տակաւին, թէ ինք Հայկազեան վարժարան յաճախեր էր 1941-1947: Այդ տարիներուն իր ուսուցիչներն եղեր էին` Անդրանիկ Ծառուկեանն ու Սիմոն Սիմոնեանը, Արմէն Անուշն ու Գոհար Թէօլէօլեանը, Փիլիպպոս Դերձակեանն ու Հայկ Պարիկեանը, Լեւոն Աբգարեանն ու Մկրտիչ Աճեմեանը, Ներսէս Պարսումեանն ու Յովհաննէս Ասատուրեանը, Կարապետ Սապունճեանը եւ այլն: «Մեր դասարանները նեղ էին ու գրասեղանները` համեստ, բայց ունէինք նուիրեալ ու պատկառելի ուսուցիչներ», կ՛եզրափակէր ան:
* * *
«Հալէպահայեր» կայքէջին վրայ, յուշերով ու յիշատակներով օծուն այս զրոյցը ընթացաւ քիչ մը արտասովոր պայմաններու մէջ: Հալէպէն մասնակիցները կը գտնուէին անհանգիստ հոգեվիճակի մէջ, քանի դուրսը` օդանաւերն ու ծանր հրետանիները կը շարունակէին ռմբահարել քաղաքը ու սարսափի մատնել բնակչութիւնը:
Արտասահմանի հայերը, իրենց պատկերասփիւռներէն` ականատես ու ականջալուր Հալէպի պատերազմական ողբալի անցուդարձերուն, խաղաղութեան մաղթանքներ կը տեղացնէին շարունակ:
Իսկ նախկին հալէպահայերը, հիմա` հեռու իրենց սիրելի ծննդավայրէն, կը զգացնէին ամէն առիթով, թէ Հալէպը միայն «երազային» քաղաք մը չէր իրենց համար, այլեւ` անմոռանալի յուշարար մը…
Հալէպ