Տոնովան Պիտի Մնայ Կալաքսիի Հետ

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ամերիկացի յառաջապահ Լենտըն Տոնովան պիտի մնայ իր կազմին` Լոս Անճելըս Կալաքսիի հետ, որովհետեւ ան երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը: Ըստ նոր ստորագրուած համաձայնագիրին, ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի աւարտէ Կալաքսիի հետ, որովհետեւ ան երկար տարիներու տեւողութեան վրայ ստորագրեց անոր տոմարներուն վրայ:

31 տարեկան Տոնովան «Մէյճըր լիկ»-ի մրցումներուն մասնակցող իր ակումբին հետ 210 մրցումի ընթացքին նշանակած է 99 կոլ:

Նշենք, որ Տոնովան նախապէս փոխ տրուած է Էվըրթընի եւ Պայէրն Միւնիխի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )