Էթու Միացաւ Չելսիի
Երէկ, իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Չելսի յայտարարեց, որ իր կազմին միացուց քամերունցի վեթերան յառաջապահ Սամուէլ Էթուն` ռուսական Անժի Մախաչքալա խումբէն:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հրապարակած լուրին մէջ նշուեցաւ, որ 32 տարեկան Էթու մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց լոնտոնեան կազմին հետ:
Ան այսպիսով կը հանդիսանայ երկրորդ մարզիկը պրազիլցի փլէյմէյքըր Ուիլիանէն ետք, որ Անժիէն կը միանայ Չելսիի:
Չելսիի միանալէն ետք Էթու ըսաւ, որ ճիշդ որոշում մը տուաւ, որովհետեւ մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի կազմը զօրաւոր խումբ մըն է:
CATEGORIES Մարզական