«Ազդակ»-ի «Քննական Ոսպնեակ» Երիտասարդական Խմբակին Հանդիպումը` Արցախցի Լրագրող Լուսինէ Մուսայէլեանի Հետ
Երէկ` հինգշաբթի, 29 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6:00¬ին, «Ազդակ»¬ի «Ա. Չաղլասեան» ժողովասրահին մէջ «Ազդակ»-ի «Քննական ոսպնեակ» երիտասարդական խմբակի անդամները հանդիպում ունեցան հայրենի «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի Արցախի լրագրող Լուսինէ Մուսայէլեանի հետ:
Հանդիպում¬քննարկումին ընթացքին լրագրողը նախ ներկայացուց Արցախի մէջ տիրող յատկապէս ընկերային եւ տնտեսական վիճակը, շեշտը դրաւ վերաբնակեցման աշխատանքներուն վրայ` յատուկ կերպով անդրադառնալով սուրիահայերուն կացութեան, անոնց համար ստեղծուած պայմաններուն, ինչպէս նաեւ անոնց կողմէ Արցախի մէջ կատարուած ներդրումներուն:
Լ. Մուսայէլեան խօսեցաւ նաեւ Արցախէն արտագաղթին, սղաճին, ժողովուրդին կենսամակարդակին, կրթական համակարգին, յատկապէս սահմանային գիւղերուն պարզած կացութեան եւ արցախցիին առօրեայ հոգերուն, մտահոգութիւններուն եւ գոյապայքարին մասին:
Ապա երիտասարդներուն ուղղած հարցումներուն պատասխանելով` լրագրողը լուսարձակի տակ առաւ ղարաբաղեան տագնապի բանակցային հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններ, պետութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն կացութեան բարելաւման համար տարուող աշխատանքներն ու անոնց մէջ առկայ թերութիւնները:
Ողջոյնելի Դասաւորված Ծրագիր է, Արցախեան իրավիճակը բացայատելու ներկայիս.