Վրաստան Բողոքագիր Մը Յղած Է` Փութինի Աբխազիա Այցելութեան Առիթով

Անքվապ եւ Փութին

«Առ.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Վրաստան բողոքագիր մը յղած է Ռուսիոյ` Վլատիմիր Փութինի Աբխազիա կատարած այցելութեան համար:

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ յայտարարած է, որ իր երկիրը այդ բողոքագիրը յղած է Զուիցերիոյ դեսպանատան միջոցով:

Թիֆլիս Փութինի Աբխազիա այցելութիւնը նկատած է «Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան դէմ հերթական ոտնձգութիւն»:

Յիշեցնենք, որ Փութին 25 օգոստոսին Աբխազիա այցելած էր եւ հանդիպում ունեցած երկրի նախագահ Ալեքսանտր Անքվապի հետ:

Share this Article
CATEGORIES