Ռուսիա Ձայնի Արագութիւնը Գերազանցող Հրթիռ Մը Արտադրած Է
Ռուսիա յայտարարեց, որ արտադրած է ձայնի արագութիւնը գերազանցող հրթիռ մը, որ սակայն յաւելեալ զարգացման կը կարօտի, որպէսզի կարենայ երկարատեւ թռիչք կատարել:
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ռուսական «Հրթիռային մարտավարական զէնքերու» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Պորիս Օպնոսով յայտնած է, որ Ռուսիա ստեղծած է հրթիռ մը, որ ձայնի արագութենէն քանի մը անգամ աւելի արագ է:
Ան ըսած է, որ հրթիռին արագութիւնը 4.5 մախ է, իսկ իւրաքանչիւր մախ ժամական 1100 քիլոմեթր է:
Օպնոսով յայտնած է, որ այդ հրթիռը միայն քանի մը երկվայրկեան կրնայ այդ արագութեամբ թռիչք կատարել` աւելցնելով, որ ներկայիս աշխատանք կը տարուի զայն զարգացնելու, որպէսզի կարողութիւնը ունենայ 6 մախ, 10 մախ եւ 14 մախ արագութեամբ ու երկարատեւ թռիչք կատարել:
CATEGORIES Միջազգային