Մատուրօ Խօսած Է Իր Սպանութեան Եւ Սուրիոյ Ներխուժման Ծրագիրներուն Համընկնումին Մասին

Նիքոլաս Մատուրօ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ խօսած է իր սպանութեան եւ Միացեալ Նահանգներու` Սուրիա ներխուժման ծրագիրներու ժամանակային համընկնումին մասին:

Նախապէս, Մատուրօ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային կոչ ուղղած էր հրապարակաւ պատասխանելու այն հարցումին, թէ գիտէ՞ր արդեօք իր դէմ յարձակումի ծրագիրներուն մասին, որոնք, Քարաքասի տուեալներով, պատրաստուած են Միացեալ Նահանգներու տարածքին մէջ: Վենեզուելայի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր ձերբակալութեան մասին Քոլոմպիոյ երկու քաղաքացիներու, որոնց շուրջ Մատուրոյի դէմ մահափորձ ծրագրելու մասին կասկածներ գոյութիւն ունին:

«Միջազգային ծրագիրը հետեւեալն էր` ատիկա համատեղել ժամանակային առումով, ինչպէս կը փորձէին ընել 2002-ին Չաւեզի դէմ յեղաշրջման եւ Միացեալ Նահանգներու` Իրաք ներխուժումին ժամանակ», ըսած է Մատուրօ:

Վենեզուելայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է Մատուրոյի յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան «կառավարութեան եւ ժողովուրդին անունով կը քննադատէ կայսերապաշտական գերտէրութիւններու մտադրութիւնները` Սուրիոյ տարածքին զինուորական գործողութիւններու սկսելու վերաբերեալ»:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ «Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները Սուրիոյ կառավարութիւնը կը մեղադրեն անյայտ ծագումով քիմիական զէնքի օգտագործման համար` ներկայացնելով ոչ մէկ ապացոյց եւ չսպասելով ՄԱԿ-ի յանձնախումբի զեկուցումի հրապարակման»:

Միեւնոյն գործելաոճերը Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներուն կողմէ նախապէս կիրարկուած էին Լիպիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի դէմ, իսկ անոնց նպատակն է` «շրջանի քարիւղի պահեստներու վերահսկումը եւ արեւմտեան շուկաներու մեծացումը»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )