Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Առաջին Անգամ Ըլլալով Բանբերի Պաշտօնին Կին Մը Նշանակած Է
«Արապիա» կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իսլամական հանրապետութեան հռչակումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով նախարարութեան բանբերի պաշտօնին նշանակած է կին մը:
Մարզիեհ Աֆքամ շուրջ երեք տասնամեակ աշխատած է արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, իսկ 2010-էն ի վեր եղած է լրատուամիջոցներու եւ հասարակական դիւանագիտութեան բաժանմունքի տնօրէնը:
Նախարարութեան նախկին բանբեր Ապպաս Արաքճի նշած է, որ Աֆքամը այս մարզին մէջ կոփուած անձնաւորութիւն է ու մեծ փորձառութիւն ունի, որուն հիմամբ նշանակուած է այդ պաշտօնին:
CATEGORIES Միջազգային