Ասատ. «Սուրիա Ինքզինք Պիտի Պաշտպանէ Որեւէ Յարձակումէ»

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Եմէնի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցութիւններէ կազմուած պատուիրակութեան մը առջեւ յայտարարեց, որ Սուրիա ինքզինք պիտի պաշտպանէ որեւէ յարձակումէ` նշելով, որ Սուրիոյ դէմ ուղղակի յարձակում գործելու գծով արեւմտեան սպառնալիքները Սուրիան պիտի մղեն աւելի կառչելու իր արմատացած սկզբունքներուն եւ ժողովուրդին կամքէն բխող անկախ որոշումին:

Ասատ ըսաւ, որ Սուրիա իր տոկուն ժողովուրդին եւ քաջ բանակին հետ վճռած է վերջ տալ ահաբեկչութեան, որուն կ՛աջակցին եւ կ՛օգտագործեն Իսրայէլն ու արեւմտեան պետութիւնները:

Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի յայտնեց, որ «Սուրիա վարժուած է բոլոր դժուարութիւնները դիմակայելով զանոնք պարտութեան մատնելու»` նշելով, որ «արգելք պիտի հանդիսանանք հայրենիքի թշնամիներուն խափանարարական փորձին»:

Օպամա. «Սուրիոյ Հարցով Որոշում Տակաւին Չտուի,
Սակայն Զինուորական Ընտրանքը Չէ Բացառուած»

Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց, որ Օպամա դաշնակիցներու հետ կը խորհրդակցի սուրիական վարչակարգին դէմ յարմարագոյն հակադարձութեան շուրջ:

Սպիտակ տունը նաեւ յայտարարեց, որ Ասատի վարչակարգը  քիմիական զէնքեր պարունակող պահեստանոցներ ունի եւ այդ պատճառով հաշուետուութեան պիտի կանչուի, իսկ Օպամայի որոշումը «մեր շահերուն եւ ազգային անվտանգութեան առնչուած պիտի ըլլայ»:

Սպիտակ տունը յայտնեց, որ հակադարձութեան որոշումը պէտք է միջազգային ընտանիքը միաձայնութեամբ որդեգրէ` ընդգծելով, որ Ուաշինկթընի փնտռածը «սահմանափակ եւ շատ ողջմիտ» հակադարձութիւն մըն է, «եւ կը մերժենք Իրաքի պատերազմին հետ բաղդատականները»:

Աւելի կանուխ Օպամա ամերիկեան պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր վարչակազմը հաստատ փաստեր ունի, որ սուրիական վարչակարգը Ղութա Շարքիյայի մէջ քիմիական զէնք օգտագործած է:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ հարցով տակաւին որոշում չէ տուած: «Սուրիոյ հաւանական հարուած մը հասցնելէ առաջ պէտք է նկատի ունենանք կարգ մը նկատառումներ, որոնցմէ են քարիւղի մատակարարումը եւ Իսրայէլի ապահովութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իր վարչակազմը ամերիկեան բանակի ղեկավարութենէն իր ստացած ընտրանքները կը սերտէ, նախքան որեւէ որոշում տալը` վստահեցնելով, որ «զինուորական հակադարձութեան ընտրանքը չէ բացառուած»:

Օպամա ըսաւ, որ իր երկրին Սուրիոյ «քաղաքացիական պատերազմին» մէջ ներքաշուիլը կը մերժէ` նշելով, որ «որեւէ ուղղակի միջամտութիւն կացութեան բարելաւման պիտի չնպաստէ»: «Ուաշինկթըն Իրաքի մէջ տեղի ունեցածին պէս երկարատեւ տագնապի մը մէջ պիտի չներքաշուի», ըսաւ ան:

Օպամա յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահը պատժելը Սուրիոյ բոլոր հարցերը պիտի չլուծէ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը կասեցնելու համար յստակ ու վճռակամ կերպով շարժիլը կրնայ երկար ժամկէտի վրայ «մեր ազգային ապահովութեան վրայ դրական ազդեցութիւն ունենալ»` աւելցնելով, որ «Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերը կրնան վտանգուիլ, եթէ քիմիական զէնքերը սխալ ձեռքերու մէջ իյնան»:

Թել Աւիւի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տան Շափիրօ յայտարարեց, որ Սուրիոյ դէմ ամերիկեան յարձակումը այլեւս հաստատ է եւ «ուժգին ու լուրջ պիտի ըլլայ»:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ յայտնած է, որ ամերիկեան իշխանութիւնները չեն պատրաստուիր այս շաբթուան ընթացքին հրապարակուելիք զեկուցումին մէջ ներկայացնելու Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման վերաբերող ամբողջ տեղեկատուութիւնը: «Տեղեկատուութիւնը, որ հասանելի պիտի դառնայ հանրութեան, սահմանափակ պիտի ըլլայ: Մեզի անհրաժեշտ է պաշտպանել մեր աղբիւրները», յայտարարած է ան:

Քամերոն. «Միջազգային Հետաքննիչներուն
Զեկուցումին Ծանօթանալէ Առաջ
Զինուորական Քայլ Պիտի Չառնենք»

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն բրիտանական խորհրդարանին մէջ Սուրիոյ հարցը քննարկելու արտակարգ նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Սուրիոյ վարչակարգը փոխել չենք ուզեր»` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ նկատմամբ որեւէ քայլ պէտք է իրաւաբանական հիմք ունենայ եւ հիմնուած ըլլայ մէկ կէտի վրայ` ապագային քիմիական զէնքի օգտագործումը արգիլել»:

Քամերոն ըսաւ, որ «ՄԱԿ-ի մէջ որդեգրուելիք ընտրանքները պիտի քննարկենք», եւ նշեց, որ «Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման նկատմամբ մտահոգ ենք»` աւելցնելով, որ «գիտենք, որ սուրիական կառավարութիւնն է, որ Ղութա Շարքիյայի մէջ քիմիական զէնք օգտագործեց, ուստի զայն պէտք է հաշուետուութեան կանչել»:

Բրիտանիոյ վարչապետը ըսաւ, որ «այն ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, Իրաքի մէջ պատահածին նման չէ»` նշելով, որ «պէտք է Սուրիոյ դէմ որեւէ քայլի նկատմամբ ամէնէն լայն համաձայնութիւնը գոյացնենք»: Ան ըսաւ, որ «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա նախապէս յայտնեց, որ չ՛ուզեր Արեւելքի մէջ պատերազմներու մէջ մտնել, սակայն Սուրիոյ մէջ հարցերը կարմիր գիծը կտրեցին»:

Քամերոն շեշտեց, որ «Սուրիոյ մէջ միջազգային հետաքննիչներու զեկուցումին ծանօթանալէ առաջ զինուորական քայլ պիտի չառնենք»: «Պէտք է սուրիական կառավարութեան` ապագային այսպիսի արարքներ գործելը արգիլելու համար քայլեր որդեգրենք», ըսաւ ան:

Բրիտանիոյ կառավարութեան բանբերը յայտարարեց, որ Լոնտոն կրնայ Սուրիոյ մէջ որոշ թիրախներ հարուածել նոյնիսկ առանց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի համաձայնութեան` հիմնուելով «մարդասիրական միջամտութեան հասկացողութեան վրայ»: Ան ըսաւ, որ եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արգելակում կատարուի, ապա Բրիտանիա կրնայ մարդասիրական միջամտութեան հասկացողութեան հիմամբ որդեգրել արտակարգ միջոցառումներ, ներառեալ` ճշդուած թիրախներով զինուորական միջամտութիւն կատարել` Սուրիոյ մէջ մարդկային տառապանքները թեթեւցնելու համար:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի երկրորդ կայանը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարը յայտնած է, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական ռազմական գործողութիւնը օրերու հարց է եւ ոչ թէ ժամերու:

Միացեալ Նահանգներ Կ՛աճապարեն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին յայտնեց, որ «պէտք է Սուրիոյ մէջ միջազգային հետաքննիչներուն աշխատանքը արագացնել»: Նշենք, որ «Ուալահ» կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ դէմ ամերիկեան յարձակումը տեղի պիտի չունենայ, այնքան ատեն որ, որ միջազգային հետաքննիչները այդտեղ գետնի վրայ են:

Աւելի ուշ, Քի Մուն յայտարարեց, որ միջազգային հետաքննիչները իրենց աշխատանքը պիտի շարունակեն մինչեւ այսօր եւ վաղը Սուրիայէն պիտի մեկնին, սակայն աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեցին, որ հետաքննիչները այսօր Սուրիայէն պիտի մեկնին եւ վաղը իրենց զեկուցումը պիտի ներկայացնեն Քի Մունի: ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ իր կարգին հաղորդեց, որ անոնք իրենց զեկուցումը Ապահովութեան խորհուրդին պիտի ներկայացնեն յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը:

Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքով յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն Սուրիայէն մեկնումը արագացնելը «կը ծառայէ շահերուն Միացեալ Նահանգներուն, որոնք կը ջանան արաբական այդ երկրին դէմ կարելի եղածին չափ շուտ զինուորական հարուած մը հասցնել»: Ըստ անոր, այդ հարուածը որքան ուշանայ, այդքան պիտի դժուարանայ, որովհետեւ շատ հարցադրումներ տեղի պիտի ունենան, եւ քանի քարոզչութեան արշաւը տակաւին բարձր մակարդակի վրայ է, ամերիկացիները կ՛աճապարեն կացութիւնը օգտագործելու:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` քիմիական զէնքի օգտագործման հարցը ամբողջական կերպով դիտելու: Ան նաեւ միջազգային հետաքննիչներուն կոչ ուղղեց` քիմիական զէնքի օգտագործման ենթադրեալ բոլոր վայրերուն մէջ հետաքննութիւնները աւարտելու:

Իրանեան Կեցուածքներ

Իրանի խորհրդարանի անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբը յայտարարեց, որ «Սուրիան թիրախ դարձնող ամերիկեան որեւէ հրթիռի սուրիական հակադարձութիւնը Թել Աւիւի դէմ սուրիական հրթիռի արձակումը պիտի ըլլայ»:

Իրանեան Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» գումարտակի հրամանատար զօր. Քասեմ Սլէյմանի նշեց, թէ «որեւէ ամերիկացի զինուոր իր օդանաւէն էջք կը կատարէ կամ որեւէ ամերիկացի զինուոր, որուն նաւը դէպի Սուրիա կ՛ուղղուի, պէտք է իր դագաղը շալկէ»` վստահեցնելով, որ «Սուրիան կարմիր գիծ է, Շամը մեզ դէպի երկինք տանող ճամբան է եւ ամերիկացիներուն գերեզմանը պիտի ըլլայ»:

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան յայտնեց, որ «դիմադրութեան առանցքի թշնամիները Սուրիոյ դէմ իրենց պատերազմին մէջ պարտութիւն պիտի կրեն»:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի իր կարգին զգուշացուց Սուրիոյ զինուորական հարուած հասցնելու հետեւանքներէն` նշելով, որ «կեղծ պատրուակներով Սուրիոյ դէմ յարձակում գործելը նոր արկածախնդրութիւն մըն է, որուն վնասակար ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ պիտի ըլլայ»:

Իրանեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Հասան Ֆէյրուզ Ապատի զգուշացուց, որ «Սուրիոյ դէմ որեւէ յարձակում Իսրայէլին վնաս պիտի պատճառէ»:

Փերես. «Եթէ Սուրիա Փորձէ Մեր Ապահովութեան Վնասել,
Ամբողջ Ուժով Պիտի Հակադարձենք»

Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես յայտնեց, որ «այն ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ պարզապէս տեղական իրադարձութիւն մը չէ, այլ մարդկութեան դէմ ոճիր մը եւ միջազգային օրէնքի խախտում մը, ուստի միջազգային ընտանիքը այդ ոճիրներուն հակադարձելու պարտաւորութեան տակ է»:

«Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմին չմիջամտեց եւ պիտի չմիջամտէ, սակայն եթէ Սուրիա փորձէ մեր ապահովութեան վնասել` մեր ամբողջ ուժով պիտի հակադարձենք», շեշտեց Փերես:

Միջազգային Կեցուածքներ

Ֆրանսական կառավարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական քայլին նպատակը միայն Դամասկոսը պատժել չէ, այլ նաեւ` սուրիական տագնապին ելք մը գտնել: «Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ռուսական եւ չինական կեցուածքներուն լոյսին տակ հարցը բարդ կը թուի, ուստի այլընտրանքները կը սերտենք», նշեց կառավարութիւնը:

Գերմանական կառավարութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին կարեւոր նկատած են, որ Ապահովութեան խորհուրդը միջազգային հետաքննիչներուն զեկուցումը ուսումնասիրէ, իսկ Սուրիոյ մէջ լուծումը միայն քաղաքական է:

Զինուորական Պատրաստութիւններ

Սուրիական ապահովական աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ սուրիական բանակը «յոռեգոյն դիպաշարին» կը պատրաստուի:

Փենթակոն յայտարարեց, որ մարտանաւեր ուղարկած է Միջերկրական ծով: Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ «Թայֆուն» տիպի 6 օդանաւեր Կիպրոս ուղարկուած են` պաշտպանելու համար այդտեղ գտնուող բրիտանական ռազմակայանները: Փարիզեան «Լը Փուան» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ֆրանսա պահակային արդիական ռազմանաւ «Շէօվալիէ Փոլ»-ը ուղարկած է սուրիական ծովափին մօտ: Իսկ ռուսական բանակի սպայակոյտը յայտարարեց, որ Սեւ ծովու տորմիղին մաս կազմող «Մոսքվա» հրթիռարձակ մեծ մարտանաւը կ՛ուղղուի դէպի Միջերկրական ծով:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկացիները կրնան Սուրիոյ դէմ յարձակումէն ժամեր առաջ Իսրայէլը տեղեակ պահել, սակայն այդ մէկը տակաւին տեղի չէ ունեցած եւ կը նախատեսուի, որ յարձակումը տեղի ունենայ հինգշաբթի գիշեր:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնեց, որ եթէ Հըզպալլա Իսրայէլի վրայ յարձակում մը գործէ, ապա ատոր պատասխանատուն Դամասկոսը պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ իր երկիրը Սուրիոյ դէմ սպասուած հարուածներուն պիտի չմասնակցի:

Ան ըսաւ, որ Հըզպալլա չի կրնար այդ ճակատումին մէջ դեր չստանձնել, որովհետեւ «անցնող ամիսներուն ընթացքին Հըզպալլայի եւ սուրիական վարչակարգին միջեւ համակարգումը տեսանք»` շեշտելով, որ «եթէ Իսրայէլ Հըզպալլայի կողմէ որեւէ յարձակումի ենթարկուի, ապա իսրայէլեան հակադարձութիւնը շատ խիստ պիտի ըլլայ»:

Կիպրական օդանաւային ընկերութիւնը երէկ յայտարարեց, որ դէպի Պէյրութ գիշերային թռիչքները երկու ամսուան համար կը ջնջէ եւ կը պահէ միայն ցերեկային թռիչքները:

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ լարուած մթնոլորտ կը տիրէ` առ ի զգուշութիւն որեւէ զինուորական միջամտութեան:

ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամները երէկ գիշեր Ռուսիոյ հրաւէրով գումարեցին Սուրիոյ շուրջ ժողով մը, որուն ընթացքին անոնք համաձայնութիւն չգոյացուցին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )