Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին խախտեց Լիբանանի օդային սահմանները` թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործելով Խիամի, Ժեզզինի, Իքլիմ Թուֆֆահի, Մերժահիունի եւ Նապաթիէի վերեւ:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն Աշրաֆ Ռիֆի սուրիական վարչակարգը ամբաստանեց Թրիփոլին պայթումներու թիրախ դարձնելու յանցանքով:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, շրջանային պայմաններուն բերումով, Լիբանան շրջանցած է չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու հանգրուանը:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան կարգ մը շրջաններ եւս կրնան թիրախ ըլլալ արեւմտեան ռմբակոծումներուն, եթէ Սուրիոյ հարցով միջամտութիւն կատարուի:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ Թաքուա մզկիթին մօտակայքը գտնուող վաճառատան մը առջեւ կասկածելի մարմին մը ստուգումի ենթարկուեցաւ եւ ի յայտ եկաւ, որ անիկա ռումբի ձեւով հրահան մըն է:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական որեւէ հարուած պիտի չկարենայ ուժերուն հաւասարակշռութիւնը փոփոխութեան ենթարկել: Ան աւելցուց, որ այս պատերազմը ձախողեցնելը ի նպաստ Լիբանանին է:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վստահելի աղբիւրներէ, հերքեց այն հաւանականութիւնները, թէ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան դարձեալ վստահութիւն պիտի շնորհուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ լիբանանցիները պէտք է Լիբանանը չէզոք պահեն Սուրիոյ ստանալիք հաւանական հարուածներէն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ եթէ Սուրիա Իսրայէլի դիմադրելու հանգրուանին հասնի, ապա Լիբանան այդ դիմադրութենէն հեռու պիտի չմնայ: Ան աւելցուց, որ եթէ շրջանային պատերազմ բռնկի, ապա Հըզպալլա պիտի ստիպուի իբրեւ կողմ մաս կազմել այդ պատերազմին:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն յատուկ գաղթակայաններ կառուցելու համար քաղաքական յատուկ որոշումի կարիքը կայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ սուրիական վարչակազմը մեծ թիւով «Միշել Սըմահա»-ներ զինուորագրած է` երկրին մէջ համայնքային սադրանքներ նախապատրաստելու նպատակով:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան սուրիացի գաղթականներուն համար գաղթակայաններ կառուցելու սահմանամերձ շրջաններուն մէջ:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ չկայ կողմ մը, որ կառավարութեան կազմութեան դէմ ըլլայ, սակայն հարցը կը գտնուի այն իրականութեան մէջ, որ կառավարութեան կազմութեան որոշումը լիբանանեան չէ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ յատուկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Համասի հետ իրենց յարաբերութիւններն ու խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:
ԹԱՔՈՒԱ մզկիթի իմամ շէյխ Սալեմ Ռաֆիհի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է Թրիփոլիի ապահովութեան` աւելցնելով, որ իրենք չեն զօրակցիր անձնական ապահովութեան երեւոյթներուն:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարելու շուրջ հաղորդակցութիւնները շրջանառութեան մէջ դրուած են:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի տնտեսական աղէտալի պայմաններու մէջ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն մէջ կը ներկայացուին լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը` պաշտպանելու համար Լիբանանը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կազմել լիբանանեան ազգային իսկական համագործակցութեան կառավարութիւն մը, որ կ՛ընդգրկէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը:

