Ինչպէ՞ս Կարելի Եղաւ Ձերբակալել Պալլունէի Խմբակը

«Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը, որ կրցած էր ձերբակալել Պալլունէէն Ժումհուր հրթիռարձակում կատարած խմբակը, որուն մաս կը կազմէին վեց սուրիացիներ եւ երեք լիբանանցիներ, այդ իրագործումը կատարած էր` այդ շրջանին մէջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները գաղտնի լսումի ենթարկելով:

Հետաքննութեան ընթացքին ի յայտ եկաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը կրցած է բացայայտել նաեւ հեռաձայնային այլ հաղորդակցութիւններ, որոնք նոյն խմբաւորումին մաս կազմող կարգ մը անդամներու կողմէ կատարուած են պաղեստինեան Պըրժ Պարաժնէ գաղթակայանին պատասխանատուներուն հետ:

Ըստ հեռաձայնային այդ հաղորդակցութիւններուն, պարզուած է, որ Պալլունէի խմբակին անդամ երեք լիբանանցիները պաղեստինեան գաղթակայաններէն դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումով կը զբաղին:

Հետաքննութեան նախնական արդիւնքները ցոյց տուած են, թէ հրթիռարձակումին նպատակն է սարսափ ստեղծել, իսկ զէնքի մաքսանենգումը կը կատարուի թէ՛ սուրիական վարչակարգին եւ թէ՛ սուրիական ընդդիմութեան օգտին, որովհետեւ անիկա զուտ նիւթական շահեր ապահովելու նպատակով կը կատարուի:

Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը պիտի շարունակէ հետաքննութիւնը` յանգելու համար վերջնական արդիւնքի մը եւ բացայայտելու այդ գործողութիւնը ծրագրող հիմնական դէմքը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )