Ռաս Նաքուրայի Մէջ. Եռակողմանի Զինուորական Հանդիպում` Նախագահութեամբ Զօր. Սերրայի
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախանցեալ օր Ռաս Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմանի զինուորական հանդիպում մը` լիբանանցի ու իսրայէլացի սպաներու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ, նախագահութեամբ միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ սահմանային Կապոյտ գիծը խախտելու արարքները, յատկապէս 7 օգոստոս 2013-ի Լապպունէի դէպքը:
Նիստին ընթացքին լիբանանեան բանակը ներկայացուց իր քարտէսներն ու լուսանկարները, որոնք ցոյց կու տան իսրայէլեան խախտումները:
Բանակի սպաները հաստատեցին իսրայէլեան ուժերուն կողմէ այս արարքներուն առթած վտանգները` սահմանային շրջանի ապահովական կայունութեան: