Տէյվիտ Հէյլ Ժամանեց Պէյրութ

Տէյվիտ Հէյլ

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ ամերիկացի նոր նշանակուած դեսպան Տէյվիտ Հէյլ ժամանած է Պէյրութ:

Հաղորդագրութեան համաձայն, Լիբանան ժամանումէն անմիջապէս ետք Հէյլ յայտնած է, թէ ինք ուրախ է Լիբանան ժամանումով, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանան եւ շրջանը կը դիմագրաւեն քաղաքական ու ապահովական լուրջ մարտահրաւէրներ:

«Սակայն ես համոզուած եմ, որ լիբանանցիները տակաւին յանձնառու կը մնան իսկական անկախութեան, ազգային միասնականութեան, բարգաւաճման եւ ապահովական կայունութեան ամրապնդման», ըսաւ Հէյլ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )