Շարպել Ընդունեց Մայլզը

Մայլզ եւ Շարպել

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործավար Ռիչըրտ Մայլզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական բեմերը յուզող հարցերը, շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող խնդիրները եւ անոնց պատճառած տնտեսական, ընկերային ու ապահովական հարցերը, ինչպէս նաեւ զանոնք դիմագրաւելու Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած լուծումներն ու միջոցները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )