Միքաթի Վեսթերվելլէէն Զօրակցական Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ստացաւ

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կիտօ Վեսթերվելլէէն, որ Միքաթիի փոխանցեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Գերմանիոյ կառավարութեան ցաւակցութիւնները` Թրիփոլին թիրախ դարձուցած պայթումներուն պատճառած զոհերուն առիթով:

Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած հիմնահարցերը, յատկապէս Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն վերաբերեալ: Վեսթերվելլէ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան` սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ ցուցաբերած անոր մարդկային վերաբերումին համար` շեշտելով, որ Գերմանիա գործադրութեան պիտի դնէ իր որոշումը` Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներէն հինգ հազարը Գերմանիոյ մէջ հիւրընկալելու իմաստով:

Վեսթերվելլէ աւելցուց, որ Գերմանիա Լիբանանի կառավարութեան յատկացուցած 30 միլիոն եւրոյին կողքին այլ 30 միլիոն եւրոյի գումար մը եւս պիտի փոխանցէ` օժանդակելով Լիբանանի կառավարութեան եւ Լիբանանի ուսերէն թեթեւցնելով սուրիացի գաղթականներուն բեռը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )