Պըրրի Ղովմի Կուսակցութեան Հետ Քննարկեց Շրջանային Իրադարձութիւնները
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան նախագահ Ասաատ Հարտանի եւ ընկերակցութեամբ պետական նախարարի պաշտօնակատար Ալի Քանսոյի եւ նախկին նախարար Մահմուտ Ապտել Խալեքի:
Հանդիպումէն ետք Հարտան յայտնեց, որ Լիբանան իր բոլոր ուժերով եւ շերտերով կարիքը ունի կազմելու կառավարութիւն մը, որ կ՛ապահովէ երկրին ապահովական կայունութիւնը, կ՛ամրապնդէ ազգային միասնականութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Հարտան ընդգծեց, որ Լիբանան կարիքը ունի նաեւ ազգային միասնականութեան կառավարութեան, որպէսզի ան իր ներդրումը ունենայ երկրին կայունութիւնը երաշխաւորելու աշխատանքին մէջ, այլապէս կարելի չէ հաւատալ այն յայտարարութիւններուն, թէ անհրաժեշտ է ապահովել երկրին կայունութիւնը:
Անդրադառնալով շրջանին մէջ եւ յատկապէս Սուրիոյ դէմ գործուող բռնարարքներուն` Հարտան յայտնեց, որ այդ բռնարարքները ահաբեկչական են եւ յոյս յայտնեց, որ անոնք վերջ գտնեն թէ՛ Իրաքի, թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ պաղեստինեան հողերուն վրայ:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Տաուտ:


