Նախագահ Սլէյման Սաֆատիի Հետ Քննարկեց Տնտեսական Տագնապը Շրջանցելու Միջոցները

Նախագահ Սլէյման եւ Սաֆատի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց ելեւմուտքի նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը շրջանցելու միջոցները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Ժամաա Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ` գլխաւորելով Ժամաա Իսլամիէի հաստատութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին ընթացքին Հութ պատուիրակութեան անունով զօրակցութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի կեցուածքներուն եւ քաղաքականութեան, որոնք կը միտին պահպանել երկրին ազգային միասնականութիւնը:

Պատուիրակութիւնը ընդգծեց նաեւ «Պաապտայի յայտարարութեան» կառչած մնալու եւ լիբանանեան բանակին զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ բանակն է միակ ուժը, որ կ՛երաշխաւորէ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումին, որ անհրաժեշտ նկատեց շրջանը հարուածելիք հաւանական պատերազմին մաս չկազմելը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )