Մխիթարեան Կոլի Եւ Կոլի Փոխանցումի Հեղինակ

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Պորուսիա Տորթմունտ, որ մրցեցաւ Թի. Վի. Հիսֆելտի դէմ, 8-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Տորթմունտի յառաջապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացաւ հիմնական կազմին հետ, 21-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը: 4 վայրկեան ետք ան կոլի փոխանցում մը կատարելով օգտակար դարձաւ, որ արդիւնքը բարձրանայ 3-0-ի:

Նշենք, որ ան Բ. կիսախաղին փոխարինուեցաւ Ռոպեր Լեւանտովսքիով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )