Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք. Պարսելոնա Տիրացաւ Տիտղոսին

Երէկ տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի դարձի մրցումը, որուն ընթացքին Պարսելոնա իր դաշտին` «Նու Քամփ»-ի մէջ հիւրընկալեց Աթլեթիքօ Մատրիտը:

«Լա լիկա»-ի ախոյեան Պարսա, որ երթին «Քալտերոն»-ի դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սպանիոյ բաժակակիրին հետ, թէեւ դարձին ճերմակ հաւասարութեամբ բաժնուեցաւ իր հիւրէն, սակայն տիրացաւ տիտղոսին` օգտուելով օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութենէն:

70 հազար համակիրներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին, Լիոնել Մեսսիի հարուածած փենալթին (89-րդ) զսպուեցաւ Աթլեթիքոյի բերդին սիւնին զարնուելով: Հիւր կազմը մրցումը աւարտեց ինը մարզիկով` Ֆիլիփէ Քամիրսքիի (80-րդ) եւ Արտա Թուրանի (91-րդ) դաշտէն վտարումէն ետք, մինչ անդին Պարսելոնայի բերդապահ Վիքթոր Վալտես յաջողեցաւ երկու կոլի ստոյգ առիթներ զսպել:

Այսպիսով, Պարսելոնա վերջին հինգ տարիներուն չորրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս տիտղոսին:

Share this Article
CATEGORIES