2-8 Սեպտեմբերին. Պասքեթպոլի Մրցաշարք` Շապապ Ֆարայա Ակումբին Կազմակերպութեամբ
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Շապապ Ֆարայա ակումբը յայտարարեց, որ տարիներու իր սովորութեան համաձայն, 2-8 սեպտեմբերին դարձեալ կը կազմակերպէ պասքեթպոլի մրցաշարք մը` իր դաշտերուն վրայ:
Տեղի պիտի ունենան տարբեր դասակարգի մրցումներ` մասնակցութեամբ հետեւեալ ութ ակումբներուն. Հուփս, Սփորթինկ հայ, Մէյրուպա, Թատամոն Հարաժել, Շապապ Տարհուն, Պըրժ Այնթուրա, Հաֆրուն Ըհմեժ եւ Շապապ Ֆարայա:
Կազմակերպիչ ակումբի նախագահ Եուսեֆ Շամել Խալիլ ըսաւ, որ այս տարի եւս որոշուեցաւ տարեկան այս մրցաշարքը կայացնել, հակառակ երկրին մէջ տիրող անապահով կացութեան:
CATEGORIES Մարզական

