Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց ցանկը Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանին: Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը պիտի սկսի շաբաթ, 21 սեպտեմբերին, իսկ Բ. դասակարգինը` ուրբաթ, 11 հոկտեմբերին (Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը տեսնել ստորեւ):
Ֆետերասիոնը հրապարակեց նաեւ ցանկը այն խումբերուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տարիքային տարբեր ախոյեանութիւններու (փոքրեր, երիտասարդներ, կրտսերներ)` 2013-2014 տարեշրջանին:
ՀՄԸՄ պիտի մասնակցի կրտսերներու ախոյեանութեան` 14 այլ խումբերու կողքին, որոնք հետեւեալներն են. Նըժմէ, Ահտ, Սաֆա, Անսար, ՀՄԸՄ, Ռասինկ, Ախա Ահլի Ալէյ, Թրիփոլի, Իժթիմահի, Մապարրա, Սալամ Զղարթա, Շապապ Թրիփոլի, Հարաքեթ Շապապ, Շապապ Արապի եւ Ժապալ Մաժտալպաանա:
Ստորեւ կու տանք նոր տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
ՇԱԲԱԹ, 21 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Սալամ Զղարթա – Նըժմէ 3:30 Զղարթա
Ահտ – Շապապ Սահել 3:30 Ահտ
ԿԻՐԱԿԻ, 22 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ
Սաֆա – Անսար 3:30 Մարզական Աւան
Իժթիմահի – Թատամոն Սուր 3:30 Թրիփոլի
Ախա Ահլի Ալէյ – Թրիփոլի 3:30 Սաֆա
Մապարրա – Ռասինկ 3:30 Ահտ
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
ՈՒՐԲԱԹ, 11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Սաժես Հարաքեթ Շապապ 3:30 Ահտ
Ահլի Սայտա – Թատամոն Պէյրութ 3:30 Սայտա
ՇԱԲԱԹ, 12 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Շապապ Թրիփոլի – Նեպի Շիթ 3:30 Թրիփոլի
Շապապ Ղազիէ – Նահտա Պար Էլիաս 3:30 Քֆարժոզ
ԿԻՐԱԿԻ, 13 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Սալամ Սուր – Խըյուլ 3:30 Սուր
Ահլի Նապաթիէ – Ամալ Թրիփոլի 3:30 Քֆարժոզ
Շեպիպեթ Մազրաա – Ռիատա Ուալ Ատապ 30:30 Նըժմէ

