«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Մամլոյ Ասուլիս` Լիբանանի 36-րդ Միջազգային Ռելիին Առիթով

 

 

 

 

 

 

 

Ինչպէս ծանօթ է, 5-8 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 36-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի եւ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ:

Ասկէ մեկնելով եւ այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու իմաստով, կազմակերպիչ ակումբը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.», Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը:

Անոր ընթացքին փոխանցուեցան մանրամասն տեղեկութիւններ, որոնց կարգին յայտարարուեցաւ, որ ռելին պիտի երկարի չորս օրերու վրայ, մասնակցող ինքնաշարժներուն թիւն է 38 եւ անոր ընդհանուր երկարութիւնը` 853,99 քմ:

Նշենք, որ 38 վարորդներէն 33-ը լիբանանցի են, երեքը` քաթարցի, մէկը` յորդանանցի, իսկ մէկը` քուէյթցի:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ հովանաւորող ընկերութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES