ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ՄԷՋ «ԴՐԱԿԱՆ» ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

Նովրուզ Մամետով

Պաշտօնական Պաքուն յայտարարեց, որ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման իբրեւ արդիւնք Երեւանի դիրքորոշումը աննշան, սակայն դրական տեղաշարժ ապրած է:

«Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի վարիչ Նովրուզ Մամետով երէկ Պաքուի մէջ յայտարարեց, որ մինչեւ այսօր հայկական կողմի դիրքորոշումը ամբողջովին ապակառուցողական էր, բայց հիմա կը զգացուի յստակ տարբերութիւն, որ թէեւ աննշան է, սակայն կարելի է զայն դրական գնահատել: Ըստ անոր, հայկական կողմի «ապակառուցողական» դիրքորոշումը կը շարունակուէր մէկուկէս տարիէ ի վեր:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS