«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ԽԱԽՏԷ ԽԱՂԻՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՏԱԿ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

Արտակ Զաքարեան

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան անդամ Արտակ Զաքարեան լրագրողներուն հետ հանդիպման մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սոչիի հանդիպումը յստակ մատնանշեց, որ խաղաղ բանակցային հոլովոյթը չի կրնար այլընտրանք ունենալ:

Ըստ անոր, ասիկա բանակցութիւններուն ուղեկցող հոլովոյթ է, որ նպատակ ունի երկու երկիրներու հասարակութիւններուն մէջ որոշակի մթնոլորտ եւ իրավիճակ ձեւաւորել, որպէսզի անոնք խնդիրը խաղաղ եղանակով լուծելուն աւելի պատրաստ ըլլան:

Պատգամաւորը շեշտեց, որ այս առումով Հայաստան երբեք խնդիր չէ ստեղծած եւ Հայաստանի թէ՛ քաղաքական իշխանութեան եւ թէ՛ հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող տրամադրութիւնները միշտ ալ ուղղուած են խնդիրին խաղաղ եւ միջազգային սկզբունքներու ծիրին մէջ լուծման` ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութեան:

«Ազրպէյճան տակաւին չի շարժիր Մինսքի խմբակի առաքելութեան միջնորդութեամբ իրականացուող բանակցային հոլովոյթի ոգիին համապատասխան, պարբերաբար կը խախտէ խաղի կանոններն ու համաձայնութիւնները եւ փորձ կը կատարէ որոշակի տարակուսանք յայտնելու Մինսքի խմբակի ձեւաչափին նկատմամբ, մինչդեռ Սոչիի մէջ եւս արձանագրուեցաւ, որ Մինսքի խմբակը միակ ձեւաչափն է, որ իրաւասու է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման մանտային ներքեւ միջնորդական առաքելութիւն իրականացնելու», աւելցուց պատգամաւորը:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS