Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ընտանիքի մէջ քիչ խօսեցէք, շատ կը հասկնաք: Հարազատներու միջեւ սէրը թող իշխէ, որպէսզի համաձայնութիւնը դիւրանայ, եւ դուք խաղաղ ըլլաք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շաբաթավերջը հիանալի պիտի ըլլայ, ըստ ձեր ճաշակին: Այս ալ նկատեցէք հաճելի արձակուրդ մը` ամառը չվերջացած: Օրը բարի է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ծրագիր մը, որուն վրայ երկար ատեն կը մտածէիք, պիտի աւարտի լաւ վերջաբանով: Պրաւօ` ձեր հաւատարմութեան եւ համբերութեան համար:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բնական եղէք, ձեզ պիտի գնահատեն ձեր պարզութեան եւ անկեղծ կեցուածքին համար: Ուրիշ բան մի՛ ակնկալէք ձեր շուրջիններէն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Նախքան ամրան վերջանալը եւ վերամուտին մօտենալը, քննեցէք ձեր առողջութիւնը եւ հարկ եղած նախատեսութիւնները ըրէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նախքան վերամուտ` արդեօք նոր տօնի՞ մը պիտի մասնակցիք: Այս ալ բախտաւորութիւն նկատեցէք, որովհետեւ նման առիթներ քիչ կը պատահին:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Տուեալ ժամանակին եւ ըստ առիթի եղէք ճկուն ձեր վերաբերումին մէջ: Դիւանագիտութիւնը կը յաջողի նման առիթներուն:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ժամանակ տրամադրեցէք հանդարտութեամբ խոկալու: Ունիք նոր ծրագիրներ, հետեւաբար շարժեցէք խոհեմութեամբ, լաւ մտածեցէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պիտի գտնէք ձեր ցանկացած հաւասարակշռութիւնը հոգեկան եւ ֆիզիքական առումով: Շարունակեցէք ապրիլ ձեր կեանքը նոյն կշռոյթով:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նոյն երդիքին տակ ուրիշ անձերով ապրիլը քիչ մը դժուար է: Համբերեցէք, հանդուրժեցէք, որպէսզի օրը անցնի խաղաղ: Ուրախ եղէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ըրէք այնպէս, որ յարմարի ձեր ոճին եւ կենսաձեւին: Լաւ վիճակի մէջ էք այս տրամադրութեամբ մնալու համար: Եղէք լուսամիտ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր արձակուրդը երկարաձգեցէք նոր ժամանակի մը համար: Այսպիսով կրնաք նոր ծրագիր մը մշակել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )