Դաշնակցական Մերօրեայ Նազովրեցին (Ընկեր Քրիստափոր Իֆատեանի Յիշատակին)

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Ի հետեւումն դաշնակցական աւանդութեանց, յաւուր պատշաճի այս խօսքերը միայն յետ մահու պիտի կարենայինք արտասանել: Այս պահուս պիտի անցնինք համեստութեան այն կարմիր գիծերը,  որոնք ընկեր Քրիստափոր ուրուագծած էր իր անցին շուրջը, քանի պիտի վիրաւորենք այն հեզութեան երանգը, որուն այնքան փարած էր իր երկրաւոր կեանքին մէջ` դառնալով բառին բուն իմաստով «խոնարհ հերոս»-ը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան փաղանգին:

Այս անգամ պիտի չանսանք վաղեմի իր զգաստութեան հրաւէրներուն,  զսպուածութեան կոչերուն ու մենք, համարձակ եւ անկաշկանդ, վիրաւորելով իր համեստութիւնը, դաշնակցական օրինաչափութիւններով պիտի ըսենք,  թէ ՀՅԴ կորսնցուց իր աւանդապահ գանձարանին հաւատաւոր պահակներէն մէկը:

Ան հանդիսացաւ այն մունջ նուիրեալներէն մէկը, որ Սուրիոյ կազմակերպական կեանքի համրացած ոդիսականին, այդ անլուսարձակ կեանքին, վերակենդանացնելու հրամայականին անսաց: Ան 1960 թուականներուն առթած ոչ ձեռնտու կուսակցական գործի պայմաններու եւ երկարատեւ կազմակերպական թմբիրին, այդ տարտամ իրավիճակին նոր աւիշ  ներդրեց հոյլ մը նուիրեալներու մասնակցութեամբ: Ան իր ամբողջ հասակով, այլ ուխտեալներու կողքին, պատասխանատու գործերու ընդմէջէն կոչուեցաւ վերակենդանացնելու ու խթանելու խամրած օճախը` բոցավաոելով յոգնած հոգիները, եւ այն ալ` ծայր աստիճան զգայուն եւ ծանր մթնոլորտներու եւ այնպիսի՜ թումբերով լեցուն միջավայրի մէջ, ուր ոչ շատ հեռու ժամանակ դաշնակցականի կերպարը նզովուած էր  տեղական որոշ շրջանակներու կողմէ:

Ան իր անբասիր եւ անշահախնդիր ցայտուն նկարագրով փշրեց այդ յերիւրածոյ պատուարը, շրջեց այդ աղմկարար շրջանակներուն բանադրանքները` ջամբելով իսկական դաշնակցականի կերպարին էութիւնը: Այդ մէկը եղաւ իր ուսումնական կեանքի մէջ վարած պաշտօններու ընդմէջէն ու որպէս հասարակական գործիչ: Աւելի ուշ դարձաւ պետական պաշտօնեայ` ծառայելով բանակային շատ զգայուն բաժանմունքի մը մէջ` իբրեւ երկրաչափ: Այդ պետական համակարգի մթնոլորտներուն մէջ քաջաբար աւանդեց իր շրջապատին, թէ հայը նոյնքան սուրիացի եւ անբաժան մասնիկն է այդ հիւրընկալ հայրենիքին, որքան` ուրիշներ: Նախանձախնդրօրէն պատգամեց, թէ հայը զօրավիգ է Սուրիոյ ծաղկման, նորգործօն տարրերէն մէկը` անոր բարգաւաճման ու անսակարկ երաշխաւորողը` հայրենիքի ամրակայման:

Կ՛ըսուի, թէ յարգանքը չի պարտադրուիր, այլ կը վաստակուի: Ան իր ազնուական նկարագրային ստորոգելիներով իրողապէս արժանացաւ բոլոր շրջանակներու անվերապահ  մեծարանքին եւ սիրոյն: Վաստակեցաւ շրջապատին յարգանքն ու ակնածանքը:

Իր վարած պատասխանատու պաշտօններուն ընդմէջէն ճանչցուեցաւ իր ողջախոհութեամբ ու կշռադատ վարքովը` ստեղծելով իւրայատուկ նկարագրային օրինաչափութիւն: Շատ մը երեւոյթներու հանդէպ, ուր կը կարծուէր, թէ իր հանդարտաբարոյ, սառնասիրտ նկարագրով եւ ժուժկալ կենցաղովը ծանօթ ընկեր Քրիսը կարելի էր ապակողմնորոշել կամ շեղել, ան կը կերպարանափոխուէր` հանդիսանալով գաղափարական մարտիկի հատու, յանդուգն, խիզախ եւ օրինակելի անդրդուելի տիպարը` թումբ կանգնելով այդ սադրիչներու մոլորեցնող ծրագիրներուն:

Ան խորապէս հաւատացողն էր հաւաքական ղեկավարութեան դաշնակցական գործելակերպին: Զրահապատուած անխոնջ ղեկավարի բարոյական հեղինակութեամբ, անսակարկ զոհաբերութեամբ, ան հանդիսացաւ  ուղղորդող առագաստը այդ օրերու ծաղկող ու եռուն գաղութային կեանքին եւ անմրցելի կուսակցական եռուզեռին` ախոյեանը ըլլալով քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման լոզունգներու իրականացման:

Մարմիններու երիտասարդականացման ջատագովն էր ու համադրող շունչը` պատասխանատու մարմիններու գործունէութեան: Անսակարկ սատարողն էր սաղմային իրավիճակով գոյաւորուած դաշնակցական տեղական մտաւորական ածուին: Անմրցելի օրինականութեամբ, փորձառական տարերքին շաղախեց երիտասարդական յանդգնութիւնն ու խանդը` տալով փաստը այն օրինակելի գոյակցութեան` երէցի ու երիտասարդի, փորձի ու յախուռնութեան կարելի համակեցութեան:

Չկայ ազգային բնագաւառ մը, ուր ընկեր Քրիստափորը իր ուրոյն դրոշմը չէ ձգած: Շատ բան կարելի է պատմել իր նուիրական աշխատանքին մասին` ազգային-եկեղեցական բնագաւառէն ներս: Այդ առաքելութեան մասին իր գործընկերները ամենայն  հարազատութեամբ ու կենդանի օրինակներով, վստահ եմ, առիթը  պիտի ունենան լայնօրէն անդրադառնալու:

Սիրելի ընկեր Քրիս,

Դուն, որ նախանձախնդիր էիր կուսակցական արժէքներու եւ աւանդութեանց անաղարտ պահպանման, վերջին անգամ ըլլալով քեզմէ պիտի խնդրուի, որ հանդիսանաս այն առաքեալը,  որ հարազատութեամբ փոխանցես պատգամ մը այն հոյլ մը  սրբազան ընկերներուն, դաշնակցական  տիտաններուն, որոնք քեզ կանխելով` հանգչած են, երանելի ու անմահ դաշնակցականներու եդեմային յարկին տակ:

Անոնք, որոնք ուրուագծեցին եւ սալայատակեցին սուրիահայ դաշնակցական վերածաղկման ճանապարհը,  պէտք է հպարտութեամբ իմանան, որ սուրիահայ արիասիրտ հայորդիները` իրենց ի՛սկ ցանած դաշնակցական սերմերը, այսօր յայտնուած են աննախանձելի լինելիութեան պայքարի բուքին մէջ: Հակառակ ասոր` անոնք  կը մնան հաւատարիմ ու ուղղափառ իրենց ազգային առաքելութեան, իրենց դաւանած դաշնակցականի բիւրեղ արժէքներուն: Որ անոնք,  տէրը` իրենց երդումին, անկոտրում կամքով պիտի շարունակեն նախնիներու երթը` մնալով պատնէշի վրայ, ծառայելով ազգին եւ պահպանելով մայր գաղութ օրրանը:

Օրինակդ վարակիչ, յիշատակդ վառ` սիրելի ընկեր Քրիս:

Թորոնթօ, 22 օգոստոս 2013

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES