Կարլեն Մկրտչեան Տեղափոխուեցաւ Անժի

Մեթալուրկ Տոնեցքի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեան տեղափոխուեցաւ Անժի, յայտնեց Armsport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը` իր լուրը քաղելով ռուսական ակումբին պաշտօնական կայքէջէն:

Պայմանագիրի ժամկէտին եւ փոխանցման արժէքին մասին ոչինչ յայտարարուեցաւ:

Մարտ 2011-ին Փիւնիկ Երեւանէն Մեթալուրկ տեղափոխուած 24 տարեկան Մկրտչեան Հայաստանի հաւաքականին հետ իր նորամուտը նշեց 2008-ին: Ան ցարդ 28 մրցումի ընթացքին նշանակած է կոլ մը:

 

Share this Article
CATEGORIES