Քաքա Կ՛ըսէ, Թէ Կ՛ուզէ Լքել Ռէալ Մատրիտը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի փլէյմէյքըր Քաքա իր ակումբին պատասխանատուներուն յայտնած է, որ կ՛ուզէ լքել իր կազմը, որովհետեւ նոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի սկսած է նկատի չառնել զինք:

31 տարեկան Քաքա կ՛ուզէ Ռէալ Մատրիտը լքել նախքան 2 սեպտեմբերը, որմէ ետք մարզիկներու փոխանցումները կը դադրին:

Այնպէս կը թուի, որ Քաքայի օրինակին պիտի հետեւին նաեւ Մեսութ Էօզիլ եւ Իսքօ:

Նշենք, որ Քաքա 2009-ին Ա.Սէ.Միլանէն միացաւ Ռէալ Մատրիտի` փոխան 65 միլիոն եւրոյի (86 միլիոն ամերիկեան տոլար):

 

Share this Article
CATEGORIES