Ըստ Սնոուտընի Բացայայտած Փաստաթուղթերուն Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլը Լրտեսած Են
«Եու.Փի.Այ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընի բացայայտած եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի հրապարակած փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ Միացեալ Նահանգներ լրտեսած են թէ՛ իրենց թշնամիները, թէ՛ դաշնակիցները, ներառեալ Իսրայէլը:
Օրաթերթը նաեւ հրապարակեց ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց գաղտնի պիւտճէի ամփոփումը, որ ցոյց կու տայ, թէ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան գործակալներ աշխուժ կերպով կը հետաքրքրուին թէ՛ իրենց բարեկամներով եւ թէ՛ թշնամիներով: Փաստաթուղթին մէջ Փաքիստանը նկարագրուած է իբրեւ «յարմար թիրախ», եւ գաղտնի սպասարկութեան գործողութիւնները ռազմավարական առումով կը կեդրոնանան առաջնահերթութիւն նկատուող թիրախներու վրայ, որոնց շարքին են Չինաստանը, Ռուսիան, Իրանը, Քուպան եւ Իսրայէլը:
Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ զիրար լրտեսելու անցեալ մը ունին: 1987-ին ամերիկացի Ճոնըսըն Փոլարտ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ ի նպաստ Իսրայէլի Միացեալ Նահանգները լրտեսելուն համար:
Պիւտճէն նաեւ ցոյց տուաւ, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ն ու Ազգային ապահովութեան գործակալութիւնը ծրագիրներ կը մշակեն արտասահմանեան համակարգիչներ ներթափանցելով տուեալներ գողնալու եւ «թշնամիներու» համակարգերը խափանելու համար: Այդ ծրագիրները պիւտճէին մէջ նշուած են իբրեւ «ելեկտրոնային յարձակողական գործողութիւններ»:
Բացայայտուած է նաեւ, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները նոյնիսկ Սնոուտընի դէպքէն առաջ մտահոգ էին պաշտօնեաներու կողմէ տեղեկութեանց սպրդումէն, եւ Ազգային ապահովութեան գործակալութիւնը կը ծրագրէր ապահովական արտօնագիրներ ունեցող շուրջ չորս հազար պաշտօնեաներու շուրջ դարձեալ հետաքննութիւն կատարել:
Փաստաթուղթերը նաեւ ի յայտ բերած են, որ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարը» տակաւին ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց համար գլխաւոր հետաքրքրութիւն մըն է, եւ նշեցին, որ Ուաշինկթըն Հիւսիսային Քորէայի մէջ լրտեսութիւն կատարելու մէջ մեծ դժուարութեան կը հանդիպի:
Փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ գաղտնի սպասարկութիւնները 11 սեպտեմբեր 2001-ի յարձակումներէն ի վեր հսկայական ծաւալով տեղեկութիւններ հաւաքած են, սակայն չեն կրցած Ազգային ապահովութեան սպառնացող շարք մը հարցերու վերաբերեալ նախագահին տեղեկութիւններ տրամադրել:
Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան «սեւ պիւտճէ» անունով ծանօթ պիւտճէն 2013-ի պիւտճէական տարուան համար 52.6 միլիառ տոլար է:
Այդ պիւտճէն 11 սեպտեմբեր 2001-էն ետք կրկնապատկուած է: «Սի.Այ.Էյ.»-ը կը ստանայ 14.7 միլիառ տոլար, իսկ Ազգային ապահովութեան գործակալութիւնը, ուր Սնոուտըն կը գործէր, 10.3 միլիառ տոլար:


