Ակնարկ. Միացեալ Նահանգներ Վատ Ընտրանքներու Առջեւ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան մը համար «միջազգային դաշնակցութիւն մը» յառաջացնելու Միացեալ Նահանգներու ջանքերը ձախողած են: ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցները մէկ առ մէկ հրաժարեցան Սուրիոյ դէմ պատժական բնոյթի զինուորական գործողութեան մասնակցութենէն: Սակայն ամերիկեան վարչակազմին համար 100-ամեայ սերտ դաշնակից Բրիտանիոյ «դասալքութիւնն» է, որ ամէնէն ցաւալին է: Միայն Ֆրանսան է, որ տակաւին պատրաստակամութիւն կը յայտնէ մասնակցելու այդ գործողութեան, որ կը ներկայացուի իբրեւ անխուսափելի, սահմանափակ, կարճատեւ եւ յստակ թիրախներ ունեցող:

Զինուորական գետնի վրայ` Միացեալ Նահանգներ կարիքը չունին իրենց դաշնակիցներուն, որոնց ամերիկեան հսկային կողքին մասնակցութիւնը իրողութեան մէջ ընդամէնը խորհրդանշական բնոյթի պիտի ըլլար եւ գործողութեան միակողմանի բնոյթը ծածկելու պիտի ծառայէր: Սակայն անոնց բացակայութիւնը, մանաւանդ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ յստակ լիազօրութեան մը բացակայութեան լոյսին տակ, անախորժ կացութեան մը առջեւ կը դնէ ամերիկեան վարչակազմը եւ անհամեմատ աստիճանի խոցելի կը դարձնէ անոր ինքնագլուխ արարքը:

Այժմ գնդակը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու դաշտին մէջ: Ուաշինկթըն կանգնած է Սուրիան հարուածել-չհարուածելու երկընտրանքին առջեւ եւ ամբողջ աշխարհը կը սպասէ անոր որոշումին, իսկ ոմանք սպասողական ներկայ հանգրուանին մէջ կը մերժեն ձեռնածալ մնալ եւ յայտարարութիւններ կատարելով` կը փորձեն ազդել անոր որոշումին վրայ:

Ստեղծուած ներկայ կացութիւնը հասկնալու համար` զայն պէտք է դիտել ամերիկեան տեսանկիւնէն: Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի որոշումը «մեր շահերուն եւ ազգային անվտանգութեան առնչուած պիտի ըլլայ»: Սուրիոյ քիմիական զէնքերու պահեստանոցները հարուածելը սկզբունքով ոչ միայն վարչակազմը կը զրկէ զանոնք հետագային օգտագործելու կարելիութենէն, այլ նաեւ այդ զէնքերուն «սխալ ձեռքերու մէջ» իյնալու վտանգը կը չքացնէ: Սակայն եթէ Օպամա Սուրիան հարուածէ եւ սուրիական վարչակարգը տոկայ այդ «սահմանափակ» հարուածներուն, ապա «անգամ մը եւս» քիմիական զէնք օգտագործէ, այդ մէկը մեծ հարուած մը պիտի ըլլայ վարկին Ուաշինկթընի, որ պիտի ստիպուի «պատժել-կանխարգիլել» նպատակի իրագործման համար մագլցողական քայլերու դիմել: Բան մը, որմէ կը զգուշանայ իր ուժերը Իրաքէն հեռացուցած եւ Աֆղանիստանէն հեռացնելու պատրաստուող, ինչպէս նաեւ իր պետական պիւտճէն նուազեցուցած եւ տնտեսական դժուարութեանց դէմ պայքարող ամերիկեան վարչակազմը: Իսկ եթէ Օպամայի ճշդած «կարմիր գիծ»-ին բազմիցս շրջանցումէն ետք չհարուածէ, այդ մէկը ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու վարկին վնաս պիտի պատճառէ, այլ նաեւ` հաւաստիութեան, եւ անպատժելիութեան մթնոլորտ մը ստեղծելով` Հիւսիսային Քորէայի եւ Իրանի նման այլ երկիրներ աւելի յանդուգն պիտի դարձնէ: Սուրիոյ ծովափին մօտ մարտանաւեր կուտակելէ ետք զանոնք հեռացնելը նաեւ քարոզչական գետնի վրայ Միացեալ Նահանգներու պարտութիւնը պիտի նշանակէ եւ սուրիական վարչակարգին, Իրանին ու Հըզպալլային կորովը բարձրացնէ:

Այլ խօսքով, ամերիկեան վարչակարգը այսօր ինքզինք կը գտնէ չարեաց փոքրագոյնը ընտրելու հարկադրանքին տակ: Սակայն այդ չարիքներէն ո՞րն է փոքրագոյնը: Մէկ բան յստակ է. յառաջիկայ օրերուն այդ հարցումին ներկայ վարչակազմին տալիք պատասխանը տարիներով պիտի շարունակէ  վիճելի հարց մը մնալ:

 

Share this Article
CATEGORIES