Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը Վերանորոգ Նուիրումով Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը` իբրեւ սիրտը Ս. աթոռին առաքելութեան ու ծառայութեան, Արամ Ա. կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ ու առաջնորդութեամբ վերանորոգ յանձնառութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը թէ՛ Անթիլիասի մայրավանքին եւ թէ՛ թեմերուն մէջ:

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ վեհափառ հայրապետը վերջին օրերուն շարք մը վանական նոր պաշտօններու նշանակումներ կատարեց` միաբան հայրերու ծառայութեան նոր աշխուժութիւն տալու հեռանկարով:

– Նարեկ արք. Ալեէմեզեան նշանակուեցաւ մայրավանքի դրան եպիսկոպոս, որուն պարտականութիւնն է մօտէն հետեւիլ միաբանական կեանքին ու միաբաններու աշխատանքին:

– Դպրեվանքի տեսուչ նշանակուեցաւ Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան, փոխտեսուչ` Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, տեսչութեան անդամ` Արտակ աբղյ. Արապեան եւ Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեան:

– Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ` Ղեւոնդ վրդ. Բենդէզեան, վարիչի օգնականներ` Վաչէ աբղյ. Պալըքճեան եւ Վիգէն աբղյ. Տալգըլըճեան: Կիրակնօրեայ վարժարաններու տնօրէնութեան պաշտօնին վերանշանակուեցաւ Ղեւոնդ վրդ. Բենդէզեան:

– Երիտասարդական բաժանմունքի վարիչ` Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան:

– Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ` Վարանդ վրդ. Քորթմոսեան, վարիչի օգնական`  Պետրոս աբղյ. Մանուէլեան, իսկ «Ռատիօ Կիլիկիա»-ի պատասխանատու` Վարդան աբղյ. Թաշճեան:

– Արխիւատան վարիչ` Շնորհք աբղյ. Աշըգեան, վարիչի օգնական` Վիգէն աբղյ. Տալգըլըճեան:

– Պահեստանոցի պատասխանատու` Վահրիճ աբղյ. Ղարախանեան:

Իսկ հետեւեալ միաբանները կը մնան իրենց նոյն պաշտօնին վրայ.

–  Տիրայր Արք. Փանոսեան` մատենադարանապետ:

– Նորայր եպս. Աշըգեան` տպարանի տեսուչ:

– Նարեկ արք. Ալեէմեզեան` միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ, վարիչի օգնական Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան:

–  Փառէն Ծ. վրդ. Վարդանեան` մատենադարանապետի օգնական հնատիպներու բաժինի:

– Նշան աբղյ. Լախոյեան եւ Սմբատ աբղյ. Սապունճեան` գաւազանակիր:

– Տաճատ աբղյ. Աշըգեան` փոխլուսարարապետ:

– Պարոյր աբղյ. Շէրնէզեան` թանգարանի փոխտեսուչ:

– Ղեւոնդ վրդ. Բենդէզեան` Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան հոգեւոր խորհրդատու:

– Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան` համալսարանաւարտներու միութեան հոգեւոր խորհրդատու:

– Վաղիկնակ Ծ. վրդ. Մելոյեան` Ազգային բուժարանի եւ Ծերանոցի հոգեւոր պատասխանատու:

– Վարանդ վրդ. Քորթմոսեան` խմբագիր «ՀԱՍԿ»-ի:

Հետեւեալ միաբանները յառաջիկայ տարի պիտի շարունակեն իրենց ուսումը. Զարեհ աբղյ. Սարգիսեան (Զուիցերիա), Պօղոս աբղյ. Թինքճեան` (Միացեալ Նահանգներ), Հրանդ աբղյ. Թահանեան` (Քանատա), Գեղարդ վրդ. Քիւսպեկեան` (Քանատա), Սահակ վրդ. Եմիշեան` (Միացեալ Նահանգներ). Լիբանանի մէջ` Արտակ աբղյ. Արապեան, Պետրոս աբղյ. Մանուէլեան,  Վարդան աբղյ. Թաշճեան, Նշան աբղյ. Լախոյեան, Սմբատ աբղյ. Սապունճեան: Իսկ թեմական ծառայութեան մեկնեցան հետեւեալ միաբանները. Յովհաննէս աբղյ. Սաղտճեան եւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան` Յունաստան:

 

Share this Article
CATEGORIES