Պէյրութի Մարաթոնի Յանձնախումբին Մամլոյ Ասուլիսը

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ՏՐԱՄԱԴՐԵՑ` ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ

 

 

 

 

 

 

 

Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 10 նոյեմբեր 2013-ին տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի միջազգային մարաթոնը` գլխաւոր հովանաւոր ունենալով Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը:

Ասկէ մեկնելով, Պէյրութի մարաթոնի միութիւնը տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` Պէյրութի Կեդրոնական դրամատան Համրայի գլխաւոր կեդրոնատեղիին շրջափակին մէջ:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին զինուորական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, քաղաքապետեր, տարբեր ֆետերասիոններու ու միութիւններու նախագահներ եւ ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ եւ Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ ու հիմնադիր Մէյ Խալիլ:

Նշեալ երկուքը իրենց արտասանած խօսքերուն մէջ գովասանքով արտայայտուեցան այս մարաթոնին մասին` ըսելով, որ անիկա կու գայ ի մի խմբելու լիբանանեան բոլոր կողմերը` նկատի ունենալով, որ անիկա մարզական իրադարձութիւն մըն է եւ խտրութիւն չի դներ ոչ ոքի միջեւ:

Ցուցադրուեցաւ յատուկ վիտէօ-երիզ մը` մարաթոնին համար տարուած աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը` պարողներու եւ ներկայ գտնուող դերասաններու կողմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )