Սաքըր Ամբաստանեց Շէյխ Ղարիպը, Մընքարան, Հուրին Եւ Սուրիացի Զինուորական Մը

Դատախազ Սաքըր Սաքըր

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ  դատախազ Սաքըր Սաքըր, հիմնուելով զինուորական ատեանին կատարած հարցաքննութեան վրայ, երէկ ամբաստանեց շէյխ Ահմետ Ղարիպը եւ Մուսթաֆա Հուրին` զինեալ խմբաւորումներ կազմելու, ժողովուրդին դէմ քրէական յանցանքներ գործելու, լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ կատարելու, ականներ ու ականուած ինքնաշարժներ պատրաստող ահաբեկչական բջիջներ կազմելու եւ մզկիթներուն մօտակայքը պայթումներ գործելու յանցանքով:

Դատախազ Սաքըր ականուած ինքնաշարժներ պատրաստելու եւ քաղաքայիններ սպաննելու յանցանքով ամբաստանեց նաեւ սուրիացի քափիթեն Մոհամետ Ալին եւ Ալի Խտըր Օրպանը:

Դատախազ Սաքըր շէյխ Հաշեմ Մընքարան ամբաստանեց ականուած ինքնաշարժներուն մասին իր տեղեկութիւնները համապատասխան մարմիններուն եւ իշխանութիւններուն չփոխանցելու յանցանքով:

Դատախազ Սաքըր բոլոր ամբաստանեալները փոխանցեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )