Նախագահ Սլէյման Ռաատի Հետ Ընդգծեց Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանելու Կարեւորութինւը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այն քայլերը, որոնք պէտք է որդեգրուին` պահպանելու համար լիբանանեան ներքին ապահովական կայունութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ երեսփոխան Պութրոս Հարպ:
Քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու կառավարութեան կազմութեան հեռանկարները` դէմ դնելու համար Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրներուն:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Հասան Սաատ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին տարբեր մարզերը յուզող հարցերը:
CATEGORIES Լիբանանեան